Չորեքշաբթի, 6 Ապրիլի առաւօտեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ու Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Կարօ Յարութիւնեան, Վահրամ Էմմիեան եւ Սերուժ Աբիկեան, այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի հետ:
Կէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութեան անդամները Ռուսիոյ դեսպանին ներկայացուցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Ատրպէյճան շփման գիծին վրայ 1994ին հաստատուած զինադադարի դրութեան Ատրպէյճանի կողմէ լայնածաւալ խախտումը:
Պատուիրակութիւնը դեսպան Զասիփքինի փոխանցեց իր մտահոգութիւնը 1994ին զինադադարի հաստատման թուականէն ի վեր ատրպէյճանական կողմէն այդ դրութեան խախտման դիմաց ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին կողմէ ընդհանրական ու տագնապին առնչակից երկու կողմերը նոյն նժարին վրայ դնող յայտարարութիւններուն նկատմամբ՝ նշելով, որ այդ քաղաքականութիւնը ատրպէյճանական կողմը քաջալերած է իր խախտումներուն մակարդակը հետզհետէ բարձրացնելու, ի վերջոյ յանգելով վերջին օրերուն արձանագրուած լուրջ կռիւներուն ու բազմաթիւ զոհերուն, որոնց շարքին էին նաեւ քաղաքայիններ:
Պատուիրակութիւնը անհրաժեշտ նկատեց Սեպտեմբեր 2015ին ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակին կողմէ առաջարկուած զինադադարի հսկողութեան գործիքակազմի անյապաղ գործադրութիւնը՝ պահանջելով, որ Ռուսիան, իբրեւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահող եռեակի անդամ, ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի վերջինս Հայաստանի նման ընդունի այդ առաջարկը:
Ռուսիոյ դեսպանը նախ եւ առաջ բացատրեց, որ միջնորդութեան առաքելութիւնը ունի իր կանոնները եւ այդ միջնորդութեան նպատակին իրագործման համար ճիշդ չէ այդ կանոններէն շեղիլ՝ աւելցնելով, որ անկախ իր օգտագործած միջոցներէն՝ միջնորդութեան թիրախը իր նպատակին հասնիլն է: Ան նաեւ յայտնեց, որ ինք կարեւոր կը նկատէ ՀՅԴ պատուիրակութեան տեսակէտը, մասնաւորաբար նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տարբեր մակարդակներու վրայ ՀՅԴի ունեցած կշիռը: «Այդ պատճառով ալ, մեզի համար ձեր տեսակէտը շատ կարեւոր է, եւ ես զայն պիտի փոխանցեմ Մոսկուա, որպէսզի զայն նկատի ունենայ քաղաքականութեան մշակման ընթացքին», ըսաւ դեսպան Զասիփքի: