ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ապրիլ ամիսը հայրենական յուշեր վերապրելով՝ պահանջատիրութեան կամքը ամրապնդելու բացառիկ առիթ է, իսկ վերջերս, այդ առիթը ընծայեց ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը:
Արդարեւ, անցեալ տարուան «Տոհմիկ Օր» յաջող ձեռնարկէն ետք, այս տարի վարչութիւնը կազմակերպեց Մարաշի եւ Այնթապի նուիրուած Տոհմիկ Օրը: Շաբաթ, 16 Ապրիլ 2016ի կէսօրուան, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահը կլոր սեղաններու շուրջ նստած էին ոչ միայն մարաշցիներ եւ այնթապցիներ, այլեւ՝ մեծաթիւ հայեր: Բոլորը անհամբեր կը սպասէին աւանդական համադամ ճաշերուն:
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան: Ան հրաւիրեց Օննիկ Քէշիշեանը, որ Մարաշի բարբառով կարդաց Տէրունական աղօթքը: Ապա, Կարինէ Բարիկեան-Սէթեան փոխանցեց ձեռնարկին նպատակը. «Անցեալ տարուան Ուրֆայի եւ Խարբերդի նուիրուած Տոհմիկ Օրը այնքան գնահատուեցաւ, որ մեզ քաջալերեց Մարաշով ու Այնթապով կրկնել զայն: Այսօր, աւանդական ճաշերու կողքին, դուք պիտի վայելէք նաեւ Կիլիկիոյ այս շրջաններու մասին դասախօսութիւն եւ տեսերիզ մը: Յոյսով ենք, որ այս եւ նման ձեռնարկներ կը շարունակուին, մինչեւ այն օրը, երբ մեր հողերուն վրայ ճաշակենք այս ճաշերը»։
Օրուան բանախօս Կարօ Մոմճեան հակիրճ ակնարկով մը ներկայացուց նշեալ երկու շրջանները, ապա անդրադարձաւ Կիլիկիոյ տարածքին թագաւորութիւն եւ կաթողիկոսութիւն հիմնած հայոց պատմութեան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արցախի տագնապին եւ աշխարհասփիւռ հայերու միասնակամ կեցուածքին, իսկ խօսքը փակեց՝ սրտի անկեղծ խօսքով. «Միայն տագնապի օրերուն չէ՛, որ միասնակամ պէտք է ըլլանք: Հարկ է, որ դատ ունեցող հայը ամէ՛ն օր միասնակամ ըլլայ»:
Ներկաներուն համար հաճելի ընդմիջում մըն էր, երբ բեմ հրաւիրուեցաւ Թագուհի Արզումանեանը, որ հիանալի կերպով ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Հայ Լեզուն» եւ Գէորգ Էմինի «Զարմանալի Հայը» բանաստեղծութիւնները: Հաճելի անակնկալ մըն էր նաեւ Մանուէլ եւ Յովիկ Մէնէշեան եղբայրներու ներկայութիւնը. անոնք մեներգելով մեկնաբանեցին Կոմիտասէն, Սայաթ Նովայէն, ինչպէս նաեւ ժողովրդական երգեր:
Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի բոլոր շրջաններուն քաջածանօթ Արմէն Արոյեան, 15 վայրկեանի մէջ ցուցադրեց ՀՕՄի 100ամեակին առիթով իր կազմակերպած դէպի Արեւմտահայաստան եւ Կիլիկիա ուխտագնացութեան տեսերիզը:
Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ Մէնէշեան եղբայրներուն կողմէ Այնթապի քայլերգի զուգերգով:
Ապա ներկաները համտեսեցին ՀՕՄուհիներուն պատրաստած մարաշցիներու «Քէշքէկ ղապախ»ն ու այնթապցիներու «տոլմա»ն:
Այս առիթով պատրաստուած էր նաեւ գրքոյկ մը, որ Այնթապի ու Մարաշի մասին տեղեկութիւններուն կողքին՝ կը բովանդակէր աւանդական ճաշերու խոհագիրներ: