ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ.- «Արարատ Տուն»ը Մայրերու Օրուան նուիրուած իւրայատուկ գեղարուեստական ձեռնարկ մը պիտի կազմակերպէ՝ «Արարատ Տան» մէջ մնացող մայրերուն նուիրուած։
Կիրակի, Մայիս 22ին, կ.ե. ժամը 2ին սկսող եւ «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ կայանալիք սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Համազգայինի «Սայաթ Նովա» երգչախումբը՝ առաջնորդութեամբ դաշնակահար Նորա Ռումեան-Պայրամեանի, Համազգայինի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբը՝ առաջնորդութեամբ Քեթրին Հայրապետեանի եւ Արի Լիպարիտեանի, երիտասարդ տուտուկահար Հայկ Դաւիթեան, ինչպէս նաեւ՝ «Արարատ Տան» անձնակազմէն ու բնակիչներէն տաղանդաւոր կատարողներ։
Մուտքը ազատ է, իսկ «Արարատ Տան» հասցէն՝ 15105 Mission Hills Road, Mission Hills, CA 91345։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 365-3000 թիւին։