ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Ահաւասիկ լոսանճելըսահայ գաղութին համար իւրայատուկ նուէր մը՝ մեկենասութեամբ ազգասէր եւ երաժշտասէր Սիրվարդ Քաւուքչեանի, որուն ոգեշնչման եւ անմնացորդ նուիրումին իբրեւ արդիւնք ծնունդ առաւ Երեւանի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտանոցի տաղանդաւոր սաներուն Լոս Անճելըսի հրաւէրն ու անոնց գեղարուեստական ելոյթներու կազմակերպումը:
Բարերարուհիին նախաձեռնութիւնը իրականութիւն դարձաւ շնորհիւ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեան, յաջողութեան առաջին գրաւականը հանդիսանալով այս վեհ գաղափարին, յատկապէս երբ արուեստի մատուցման միաձուլուեցաւ Հայաստանի ի ծնէ թերաճ կամ ախտով ծնած մատղաշ երեխաներու բուժումին համար նուիրաբերելու առաջադրանքը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի գոյամարտին զոհ գացած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակը:
Ս. Քաւուքչեան եղած է արուեստի երկրպագու մը, առ այդ պէտք է ընկալել իր մարդասիրական նախաձեռնութիւնը՝ շաղախուած ընդոծին սիրով՝ հանդէպ ազգին ու մարդ էակին: Այդ սէրն ու բարին միաձուլուած՝ դարձան երաշխիքը ձեռնարկի բարեյաջող ընթացքին:
Համազգայինի «Անի» պարախումբը «Անուշ»ին ընկերացաւ պարային ելոյթներով, գեղարուեստական ղեկավարներ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեանի եւ Եղիա Հաշօլեանի առաջնորդութեամբ:
Երիտասարդ արուեստագէտ Արման Նշանեան եւս, իր բեմարուեստի փորձառութիւնը ի սպաս դրած՝ նեցուկ կանգնեցաւ այս բարեսիրական համոյթը յաջողութեամբ պսակելու:
Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանը անմասն չէր կրնար մնալ, երբ Սիրվարդ այնտեղ իբրեւ երաժշտութեան դասատու կը ծառայէր 25 տարիներ շարունակ: Անոր աշակերտները մասնակցեցան երգերով՝ Հայկական միջազգային երաժշտանոցի սաներուն կողքին:
Քուլիսներու ետին գործի լծուած կամաւորներու խումբը թեւ ու թիկունք դարձաւ Սիրվարդին, յատկապէս՝ Ս. Պետրոս շաբաթօրեայ հայ վարժարանի ծնողներն ու ուսուցչական կազմը, ինչպէս նաեւ Սիրվարդի բարեկամներու լայն շրջանակը:
Մեր գաղութը հարուստ է արուեստի բազմաբնոյթ ելոյթներու խայտաբղէտութեամբ, շնորհիւ հայրենիքէն ժամանած արուեստագէտներու, որոնք իրենց հմտութիւնները ի սպաս կը դնեն՝ հայկական պար, երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն կամ բեմական արուեստ դասաւանդելով նոր սերունդին: Ցարդ եղած փորձերը գնահատելի են, սակայն հայրենի աւիշով սնած ու Հայաստանի արեւը ըմպած այս դեռատի մանուկները, ազգային, առհաւական, արեան ու քիրտի ճամբով իրենց երակներուն մէջ կը կրեն հայրենի հողի ներշնչանքն ու անոր հետ սերտ կապուածութիւնը: Հայոց լեզուն իրենց մայրենին է, որ այնքա՛ն քաղցրահնչիւն կը հոսի անոնց շրթներէն՝ աւելի եւս պայծառացնելով իրենց անմեղ ու բարի դէմքերը, եւ մեզի ներշնչելով առաւե՛լ հաւատք եւ վստահութիւն հայրենաբնակ հայուն ապագային նկատմամբ:
Բի՜ւր յարգանք ու պատիւ այս խոստմնալից հայորդիներուն, որոնց միջին տարիքը կը տարուբերէր 8էն 13ի միջեւ, եւ որոնք իրենց դիւթիչ ելոյթներով գերեցին հանդիսատեսը:
Պատի՛ւ Երեւանի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի տնօրէնութեան եւ ուսուցչակազմին, իրենց գերազանց աշխատանքին ու երախտաշատ նուիրումին համար:
Մանաւանդ բի՜ւր երախտիք այս նախաձեռնութեան գլխաւոր հովանաւորներուն՝ տէր եւ տիկ. Կարօ եւ Սիրվարդ Քաւուքչեաններուն, որոնց աստուածահաճոյ նուիրաբերումը թող հատուցուի անհամար բարիքներով ու օրհնանքով։