Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, կրցաւ Լոս Անճելըսի հայկական վարժարաններու աշակերտութեան առիթ ընձեռել՝ հայկական բեմարուեստէն գեղեցիկ նմոյշ մը ըմբոշխնելու:
Արդարեւ, օգտուելով Երեւանի «Արմէն Տիգրանեան» երաժշտական դպրոցի սաներու Լոս Անճելըս այցելութենէն՝ Համազգայինի թատերական միաւորը անմիջապէս լծուեցաւ կազմակերպչական աշխատանքներու, եւ ի պատիւ բոլոր հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց ու հայոց լեզուի դասատուներու անվերապահ աջակցութեան՝ աշակերտական ելոյթը իրականութիւն դարձաւ. աւելի քան 1400 հայ աշակերտներ վայելեցին մանուկներու դերակատարութեամբ եւ մանուկներու համար յատուկ ու գեղեցիկ բեմադրութիւնը, Երկուշաբթի, 18 Ապրիլի առաւօտուն, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ:
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի թատերական միաւորի ներկայացուցիչ Նարկիզ Մուրինեան, որ ջերմօրէն ողջունեց բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները:
«Անուշ» օփերան բազմիցս ներկայացուած է Լոս Անճելըսի բեմերուն վրայ, իսկ հայրենիքի մէջ «Անուշ»ը մշտական ներկայութիւն է, հայրենի ժողովուրդին համար՝ նուիրականացած արուեստի սրբութիւն մը, որ սկիզբ առած է Գոհար Գասպարեանով, Աննա Նշանեանով, ապա շարունակուած է անոնց յաջորդներով, մինչեւ փոքրիկն Անուշը՝ 10 տարեկան Անին, որ իր զգլխիչ ձայնով եւ կատարումով կրցաւ գերել հանդիսատեսը: Անիին կ՛ընկերանային իր ընկերները, որոնք կը մարմնաւորէին «Անուշ»ի գլխաւոր հերոս-հերոսուհիները:
Ի վերուստ երկնատուր շնորհներով օժտուած գերազանց դերակատարութիւն… Հայրենի «կռ-ունկներու» այցը յատուկ ոգեւորութիւն ստեղծեց հանդիսատեսներուն եւ մանաւա՛նդ պատանիներուն մօտ, երբ այստեղ հասակ առած հայ աշակերտը առիթը չէր ունեցած ականատես ըլլալու նման մասնագիտական մակարդակի՝ գրեթէ արհեստավարժութեան հասնող խաղարկութեան մը, Արմէն Տիգրանեանի երաժշտութեամբ Թումանեանի հեղինակած «Անուշ»ին, թէեւ՝ որոշ պատշաճեցումներով, յատկապէս ողբերգական աւարտի շրջանցումով ու ոճրային արարքի տեսարանի անտեսումով։
Համազգայինի «Անի» պարախումբը ընկերացաւ «Անուշ»ին, բացառիկ ներդրում ունենալով ելոյթի յաջողութեան մէջ: Պարուսոյցներ Եղիա Հաշօլեան եւ Սիւզի Բարսեղեան-Դարբինեան սիրով ընդառաջեցին իրենց ուղղուած հրաւէրին եւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կրցան բեմ հանել «Անուշ»ին ներդաշնակ պարերու ընտրանի մը: Առանց «Անի»ի մասնակցութեան՝ կարելի պիտի չըլլար «Անուշ»ին լիիրաւ բեմադրութիւնը:
Այս բոլորը՝ շնորհիւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու անմնացորդ նուիրումին եւ լուրջ մօտեցումին եւ հետեւողական ճիգերուն… Իսկապէ՛ս լիակատար օփերա մը՝ ծափահարելի ու բիւր յարգանքի արժանի, եւ արդարօրէն ապագայի յոյսեր սերմանող յուսատու փարոս մըն էր ներկայացուածը, որուն նպատակն էր՝ «գոհացնել պատանի եւ չափահաս հայ հանդիսատեսներու մասնագիտական բեմարուեստի պահանջը եւ զարգացնել անոնց մէջ հայկական արուեստի ընկալման իւրայատուկ ճաշակ եւ վարժութիւն»:
Համազգայինը իր ուսերուն վրայ առած է հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու քաղցր եւ նուիրական առաքելութիւնը, յատկապէս՝ աշակերտական տարիքի երեխաներուն համար: Հայ թատրոնի փառահեղ էջերէն մասունքներ ըմբոշխնելով՝ անոնք պատկերացում կ՛ունենան իրենց հայրենիքէն ծնած հեղինակներու գործերուն մասին: Ո՛չ միայն հպարտ պիտի զգան այս ժառանգութեամբ, այլ պիտի կարենան թօթափել օտարամոլութեան բարդոյթը եւ պիտի սնանին ազգային ոգիով ու մշակութային աւանդներով:
Շնորհակալութի՜ւն բոլոր տնօրէններուն, որոնք ի տես այս բացառիկ ելոյթին՝ իրենց աշակերտներուն անունով երախտագիտութիւն յայտնեցին Համազգայինին, այս իրերայաջորդ տարիներու կազմակերպչական աւանդին համար:
Աւարտին, իւրաքանչիւր վարժարան առիթը ունեցաւ յիշատակի խմբանկար մը ունենալու «Անուշ»ի դերակատարներուն հետ:
Համազգայինի թատերական միաւորը ճիգ չի խնայեր թատերական աշխատանիստեր կազմակերպելու չափահասներու թէ փոքրերու համար, թէեւ՝ սիրողական մակարդակի վրայ, գլխաւորաբար զարկ տալու համար թատերախումբի մը կազմաւորումին, քաջալերելով եւ մարզելով խոստմնալից տաղանդներ:
Այս ազնիւ նպատակը իրականութիւն պիտի դառնայ հաւատքով եւ միասնական ճիգերով: Վստա՛հ ենք, որ այս մէկն ալ պիտի յաջողի՝ Համազգայինի մշակութային այլ իրագործումներու կողքին: Ապացոյց՝ պարախումբերու, երգչախումբի, գծագրութեան ակադեմիոյ կամ ձեռարուեստի ու աւանդոյթներու աշխոյժ գործունէութիւնը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՄԻԱՒՈՐ