ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ուրբաթ, Մայիս 6ին, Շամլեան վարժարանի սպաներէնի դասարանը, առաջնորդութեամբ իրենց ուսուցչուհիին՝ Մոնիքա Իւրէճեանին, վարժարանին մէջ հիւրընկալեցին «Շաքար» անուշավաճառի սեփանակատէր Շանթալ Տէր Պօղոսեանը, որ վերջերս շահած էր «Ֆուտ Նեթուըրք» պատկերսափիւռի կայանի «Քէյք Ուորզ» (կարկանդակի պատերազմներ) յայտագիրի մրցանքը։
Ուրուկուէյահայ ծնողքի զաւակ Շանթալը աշակերտներուն հետ բաժնեց այդ յայտագիրին իր մասնակցութեան փորձառութիւնը, բացատրելով, թէ ինչպէս իր ուրուկուէյեան եւ հայկական արմատներէն ու ճարտարապետութեան մարզէն ներս իր ունեցած գիտութենէն օգտուած է «Շաքար» անուշավաճառի ծրագիրը իրագործելու, ինչպէս նաեւ նշեալ մրցանքին ընթացքին։
Ան նաեւ պատասխանեց աշակերտներուն բազմաթիւ հարցումներուն, որոնցմէ մէկն էր, թէ ան ինչպէս ընտրած է «Շաքար»ին անունը։ Ան բացատրեց, թէ ուզած է անուն մը, որ ամերիկացիները կրնան դիւրութեամբ հնչել, իսկ հայերը կրնան դիւրութեամբ յիշել։ «Միշտ կը փորձեմ կապ մը գտնել հայկական արմատներուս հետ», եզրակացուց ան։