ԷՆՍԻՆՕ.- Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հրաւէրով, Շաբաթ, Ապրիլ 30ին, Էնսինոյի «Our Lady of Grace» եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լինուուտի բանտի բանտարկեալներուն ծառայութիւն մատուցողներու առաջին հաւաքը:
Յանուն Արեւմտեան թեմին, մասնակցութիւն բերաւ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան, որ հոգեւոր ծառայութիւններ կը մատուցէ Լոս Անճելըսի շրջանի հայ բանտարկեալներուն:
Համախմբումին նպատակն էր առիթ տալ իւրաքանչիւր ծառայողի, որ իր փորձառութիւններուն բաժնեկից ընէ միւսները:
Փակման աղօթքը կատարեց Րաֆֆի սարկաւագ, որ ներկաներուն հաղորդեց, թէ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յատուկ հոգածութիւն կը ցուցաբերէ բանտարկեալներուն նկատմամբ եւ հոգեւոր հովիւներ ու ծառայողներ նշանակած է, որպէսզի հոգեւոր մատակարարութիւն տրամադրեն բանտարկեալներու: