ԱՌՈՅՕ ԿՐԱՆՏԷ.- 2016ի քոնկրեսական ընտրութիւններուն Քալիֆորնիոյ 24րդ ընտրատարածքին մէջ իր թեկնածութիւնը առաջադրած Խաչօ Աշաճեանի ընտրապայքարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Սան Լուի Օպիսպօ գաւառի շրջանային դատախազ Տեն Տաու որոշած է զօրակցիլ Աշաճեանի ընտրապայքարին:
«Մեր համայնքին մատուցած իր երկար տարիներու սպասարկութիւններուն ընթացքին բացայայտ է այն իրողութիւնը, որ Խաչօ Աշաճեանի համար առաջնահերթութիւն է հանրային ապահովութեան երաշխաւորումը։ Ան արտակարգ աջակցութիւն ցուցաբերած է օրինապահ մարմիններուն եւ ապահովական ուժերուն, բան մը, որ զինք կը դարձնէ այս ընտրատարածքը Քոնկրեսին մէջ ներկացնելու լաւագոյն թեկնածուն», յայտարարած է Տեն Տաու։
Նշենք, որ հանրային ապահովութեան մարզին առնչակից հետեւեալ պաշտօնատարներները ցարդ յայտարարած են, թէ նեցուկ պիտի կանգնին Աշաճեանի ընտրապայքարին.
– Քալիֆորնիոյ ոստիկանապետներու միութիւնը
– Քալիֆորնիոյ ազատուղիներու երթեւեկի ոստիկաններու միութիւնը
– Սան Լուի Օպիսպօ գաւառի փոխոստիկանապետներու միութիւնը
– Քալիֆորնիոյ բանտապահներու միութիւնը
– Քալիֆորնիոյ ոստիկաններու ուսումնասիրական միութիւնը։
Խաչօ Աշաճեանի ընտրապայքարի գրասենեակը կը յիշեցնէ, թէ այս շաբթուընէ սկսեալ նամակատան միջոցով քուէարկելու թղթիկները պիտի սկսին հասնելու բնակարանները եւ կոչ կ՛ընէ զանոն ստացողներուն, որ քուարկեն Քալիֆորնիոյ 24րդ ընտրատարածքի բնակչութեան արժէքներուն լաւագոյն ներկայացնողին եւ պաշտպանողին՝ Աշաճեանի օգտին։
Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Լուի Օպիսպօ շրջանէն երեք անգամ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած Աշաճեան, մեծապէս յարգուած քաղաքական գործիչ մըն է եւ շարք մը կարեւոր հայանպաստ քայլեր իրագործած է իր պաշտօնավարութեան ընթացքին:
Ընտրապայքարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.Katcho2016.com կայքը, կամ դիմել info@katcho2016.com հասցէին: