Նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց պասքեթպոլի խումբը բաւական կարեւոր եւ լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ պատմական իրագործում մը արձանագրեց, երբ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացաւ աւարտականի չորրորդ ճակատումին՝ յաղթելէ ետք «Ռիատի» Պէյրութի եւ անոր վրայ 3-1 արդիւնքով առաւելութիւն մը ունենալէ ետք:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ Անթիլիասը Լիբանանի պասքեթպոլի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ:
Երկար տարիներ Լիբանանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն «Անդրանիկ» Պէյրութի եւ «Ռիատի» Պէյրութի ետին երկրորդ դիրքը գրաւելէ եւ փոխախոյեան հանդիսանալէ ետք, ի վերջոյ ՀՄԸՄ Անթիլիաս Շաբաթ, 4 Յունիսին յաջողեցաւ պատմական իրագործում մը կատարել եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսանալ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան՝ 3-1 արդիւնքով գերազանցելէ ետք «Ռիատի» Պէյրութը աւարտականի չորրորդ ճակատումին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, ներկայութեամբ՝ դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄի համակիրներուն, որոնք ՀՄԸՄի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց հնգեակը:
Պէտք է նշել, որ գագաթի այս ճակատումին ՀՄԸՄէն կը բացակայէր խումբին հիմնական մարզիկ Սանտրա Նաժըմ, որ նախորդ շաբաթ ենթարկուեցաւ ոտքի վիրաբուժութեան՝ «Ռիատի»ի դէմ տեղի ունեցած երրորդ մրցումին վիրաւորուելէ ետք:
Սակայն, անոր խմբակիցները յաջողեցան այդ բացը կարելի եղածին չափ գոցել եւ արգելք հանդիսանալ, որ «Ռիատի» յաղթանակ մը արձանագրէ:
Շաբաթ օրուան այս մրցումին ՀՄԸՄ արձանագրեց 61-54 արդիւնքով յաղթանակ մը (11-10, 23-18, 40-36 եւ 61-54):
«Ռիատի» ոչ մէկ առիթով կրցաւ կէտերու տարբերութեամբ գերազանցել արդիւնքը, մինչ ՀՄԸՄ առիթով մը ունեցաւ 10 կէտի առաւելութիւն մը (56-46):
Մրցումին աւարտին տօնական խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի դաշնակցութեան նախագահ Ուալիտ Նասսար ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄի խմբապետ Նաթալի Սվաճեանին: