Ուրբաթ, Մայիս 27ին տեղի ունեցած 65րդ հայկական «Պոսթըն Փոփս»ի ձեռնարկի հիւրն էր երիտասարդ թաւջութակահար Եդուարդ Պօղոսեան, որ վերջերս շահած էր ծանօթ «Ճուլիըրտ» մրցանակը: Ներկայ հոծ բազմութեան ան հրամցուց Չայքովսքիի «Variations of a rococo theme» գործը, վերապահուած թաւջութակի եւ համանուագային նուագախումբի:
Նշենք, որ Եդուարդ Պօղոսեան նոյն գործը նուագելով Նիւ Եորքի եւ Շիքակոյի մէջ, «Ճուլիըրտ»ի նուագախումբին (որուն պատասծանատուն աշխարհահռչակ ջութակահար Իցհաք Փերլմանն է) հետ, տիրացած էր վերոյիշեալ մրցանքին:
Այս անգամ, Պօղոսեանին կ՛ընկերակցէր «Պոսթըն Փոփս»ի ղեկավար մայէսթրօ Քիթ Լոքհարթն ու նուագախումբը: «Կառչած լարերուն, Պօղոսեան խոր ապրումներով նուագեց այս դժուար գործը, որ Չայքովսքի յօրինած էր ներշնչուելով Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթէն», կը նկարագրէ մեր պաշտօնակից «Հայրենիք» շաբաթաթերթը:
Նախքան Եդուարդ Պօղոսեանի բեմահարթակ բարձրանալը, մայէսթրօ Քիթ Լոքհարթ եւ իր «Պոսթըն Փոփս»ի նուագախումբը օրուան ազդանշանը տուին Արամ Խաչատուրեանի «Գայանէ» պալէի «Սուրերու Պար»ով, ապա անոր յաջորդեց «Հայր Մեր»ը, որուն ձայնակցեցան ներկայ հարիւրաւոր հայորդիներ: Մայէսթրօ Լոքհարթ նշեց, թէ այս օրը, Հայաստանի անկախութեան 9ամեակի նախօրեակն է, եւ շնորհաւորեց ներկայ հայորդիները:
Նշենք, թէ տարեկան դրութեամբ իրականցուող հայկական «Պոսթըն Փոփս»ը կազմակերպուած է Հայկական մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկին (FACS) կողմէ, որուն նախագահն է Արա Առաքելեան: