
ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Շահագործելով մակերեսէն նոյնիսկ քանի մը սանթիմեթր վար չիջնելու տեղեկատուական ցանցերուն ծուլութիւնը՝ Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան պաշտօնական թեկնածուի պատիւը ստանձնելու պատրաստուող Տանըլտ Թրամփ իր արտառոց ելոյթներով, ծաղրածուի մը նման, կը շարունակէ լուսարձակներ խլել՝ զարմացնելով նոյնիսկ ամենափորձառու քաղաքական մեկնաբանները։
Վտանգները չափազանցելով քաղաքացիներուն մտավախութիւնները շահագործող, անիրականանալի խոստումներով քուէարկողներ խարդախած թեկնածուներ շատ եղած են, սակայն հազուագիւտ են այդ թեկնածուները, որոնք ընտրութեանց այս հանգրուանին, ոչ միայն քաղաքական ղեկավարի մը, այլ նոյնիսկ պարզ քաղաքացիի մը անվայել այսքա՛ն արտայայտութիւններէ եւ արարքներէ ետք՝ կը շարունակեն մնալ գլխաւոր կուսակցութեան մը հիմնական թեկնածուն։
Մեքսիքացիներու, կանանց, իսլամներու եւ նոյնիսկ անկարներու հասցէին անոր կատարած վիրաւորական եւ յաճախ երեխայական ու գռեհիկ արտայայտութիւնները երբեմն կը քննադատուին նոյնիսկ Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավարներու կողմէ, սակայն, ըստ երեւոյթին՝ ազդեցութիւն չեն ունենար անոր վարկին վրայ։
Թրամփ իր ընտրապայքարը հիմնած է հակառակորդները վարկաբեկող ցեխարձակումներու վրայ, որոնց «շնորհիւ»՝ ան ցարդ խուսափած է երկիրը առաջնորդելու համար հարկաւոր քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ այլ ծրագիրներու գործնական մանրամասնութիւնները ներկայացնելէ։ Իսկ իւրաքանչիւր քայլափոխի ականի մը հանդիպելու վտանգ պարունակող արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ անոր ծրագիրները միա՛յն յաւելեալ գլխացաւեր կրնան պատճառել։
Ինքզինք օրէնքէն վեր դասելով եւ շահագործելով շատերը, որոնց նմանները այժմ երկրէն դուրս պահելու համար ան կը խոստանայ հսկայ պատ մը կառուցել, Թրամփ տասնամեակներու ընթացքին ոչ միայն հարստացուցած է ինքզինք, այլեւ կը փորձէ երկրին իրաւական համակարգին հագցնել իրեն համար նպաստաւոր տարազ մը, ուրկէ դուրս պէտք է մնան մեքսիքացի կամ իսլամ դատաւորներ, պարզապէս, որովհետեւ անոնք կրնան իրեն հակադրուած ըլլալ։
Միւս կողմէ, ան կը մերժէ մասնակցիլ այնպիսի վիճաբանութիւններու, որոնց ընթացքին կրնայ նեղի մատնուիլ, մինչ կը փորձէ դառնալ աշխարհի հզօրագոյն երկիրներէն մէկուն ղեկավարը…
Ըստ երեւոյթին՝ անոր ոսկեգոյնի մօտեցող մազերուն եւ դիզած միլիառներուն փայլքը բաւարար են շլացնելու ակնարկները եւ քաւելու անոր անցեալի ու շարունակուող բոլոր մեղքերը։
Սակայն, այս անտեսումները մինչեւ ե՞րբ կրնան շարունակուիլ, եւ արդեօք իրաւունք ունի՞նք լաւատես ըլլալու՝ հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, որ այսօր թանկագին համարուող նիւթեղէն արժէքները արագօրէն կրնան արժեզրկուիլ, իսկ ոսկեայ հորթերու նման կուռքերը կրնան դիւրութեամբ փոշիանալ։