ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Չորեքշաբթի, 20 Յուլիս երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի յետ մահու հրատարակուած «Կարծես Երազ Մը Ըլլար» խորագրեալ վէպի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ անոր յիշատակը յարգող բազմութեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, դոկտ. Սեպուհ Այնթէպլեան, որ սեղմ գիծերու մէջ նշեց ձեռնարկին առիթն ու կարեւորութիւնը:
Այս առիթով խօսք առաւ մտաւորական, կրթական մշակ Ժիրայր Դանիէլեան, որ անդրադարձաւ Սարգիս Կիրակոսեանին հետ իր ծանօթացման ու գործակցութեան պայմաններուն՝ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթէն մինչեւ «Բագին» գրական հանդէս ու «Ազդակ» օրաթերթ:
Ժիրայր Դանիէլեան ներկայացուց Սարգիս Կիրակոսեանի կենսագրականը։
Օրուան յաջորդ բանախօսն էր խմբագիր, գրաքննադատ, կրթական մշակ Կարօ Յովհաննէսեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Սարգիս Կիրակոսեանի գրական աւանդին ու անոր արժանիքներուն: Յովհաննէսեան սեղմ գիծերու մէջ պարզեց Ս. Կիրակոսեանի «Կարծես Երազ Մը Ըլլար» վէպին լոյս ընծայման պայմանները: Ըստ Յովհաննէսեանի՝ հանգուցեալ բանաստեղծը իր ապաքինման քայլերէն աւելի, մտահոգ էր իր գրական գործերով եւ յատկապէս նշեալ վէպի ամբողջացումով, «որուն գաղափարը կու գար 1980ական թուականներէն»:
«Զինք յաճախ վերացած վիճակի մէջ կը գտնէինք ընծայարանի դասընթացքի ընթացքին», նշեց Կ. Յովհաննէսեան՝ յատկապէս կեդրոնանալով հանգուցեալ Կիրակոսեանի գրական ոճի բծախնդրութեան վրայ, մանաւանդ որ բանաստեղծը մէկէ աւելի անգամներ կը փոխէր ու կը ջնջէր իր գրածը, տեղը նոր մը շարադրելով: «Դասական իմաստով վէպ մը չէ «Կարծես Երազ Մը Ըլլար»ը, դասական հերոսի բնութագրումը չենք տեսներ այս վէպին մէջ, կեդրոնական տիպարները ամբողջական չեն, արտերկրային, երազային տիպարներ են երբեմն», ընդգծեց Յովհաննէսեան՝ նշելով, որ Կիրակոսեան իր գրութիւններուն մէջ դժգոհութիւն ցոյց կու տայ, յուսախաբութիւններ ունի: «Միալար մակընթացութեան» մէջ օրինակ, արտաքինէն աւելի ներքին աշխարհն է, որ կ՛արտացոլայ. հոն հեղինակը կը խօսի ինք իր անձին մասին», շեշտեց Կարօ Յովհաննէսեան՝ յիշեցնելով, որ «Սարգիս երազներ ունէր, յօդուածներ, գրական նշմարներ, ընդամէնը տասը գիրք, որոնցմէ մէկն է «Կարծես Երազ Մը Ըլլար» վէպը, ու մեզի կը մնայ ժամանակի ընթացքին հրատարակել միւսները: Սարգիս երազներ ունէր, կարծէք ինք երազ մը ըլլար, կարծէք ի՛նք երազ մըն էր», եզրափակեց Կարօ Յովհաննէսեան:
Այս առիթով Համազգայինի անձնակազմէն Նանոր Տէր Սարգիսեան ընթերցեց հայրենի գրող-մտաւորականներու՝ Ռոմէն Կոզմոյեանի Սարգիս Կիրակոսեանի յիշատակին գրած գիրը, նաեւ «Բանաստեղծից Բաժանում Չկայ» խորագրեալ եւ Հենրիկ Էդոյեանի, Երուանդ Տէր Խաչատրեանի, Յակոբ Աւետիքեանի եւ Յակոբ Մովսէսի միացեալ ստորագրութիւնը կրող յիշատակի գիրը:
Ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի 2016ի շրջանաւարտներէն Պետիկ Ալեքսանեան եւ Հանրի Իշխանեան անջատաբար ելոյթ ունեցան դաշնակի վրայ:
Աւարտին, Սարգիս Կիրակոսեանի «Կարծես Երազ Մը Ըլլար» անդրշիրիմեան վէպի խմբագիր Կարօ Յովհաննէսեան ներկաներէն իւրաքանչիւրին մակագրեց ու տրամադրեց նշեալ վէպէն օրինակ մը: