ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 21 Յուլիսի առաւօտուն, Սուրբ Աստուածածին վանքի գրասենեակին մէջ, Արամ Ա. վեհափառը ընդունեց Կաթոլիկ նպաստի ծառայութիւնները ներկայացնող բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Կաթոլիկ նպաստի ծառայութիւններ կազմակերպութիւնը հիմնուած է Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն՝ 1943ին. անոր կեդրոնը կը գտնուի Ուաշինկթընի մէջ: Բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը մարդասիրական ծառայութեան 70 տարիներու փորձառութիւն ունի եւ օգտակար կը հանդիսանայ պատերազմներէ տառապող ու բնական աղէտներու հետեւանքով վնասուած համայնքներուն:
Պատուիրակութեան անդամները հայրապետին ներկայացուցին իրենց ծրագիրները եւ Միջին Արեւելքի մէջ կազմակերպութեան տարած աշխատանքը:
Կաթողիկոսը գնահատեց կազմակերպութեան յանձնառութիւնը, եկեղեցւոյ ընկերային ծառայութեան ճամբով աջակից դառնալու կարիքաւոր համայնքներուն՝ յատկապէս դպրոցական եւ ընկերաբժշկական ծրագիրներու միջոցաւ: Վեհափառը նաեւ բացատրեց Սուրիոյ հայութեան այսօրուան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ խօսեցաւ անոր կարիքներուն մասին: