ԵՐԵՒԱՆ.– Ֆրանսայի Մայքոն քաղաքին մէջ կը շարունակուի 30 Օգոստոսին սկսած եւ մինչեւ 4 Սեպտեմբեր երկարող ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը: Յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սերգէյ Սիմոնեան (50 քիլոկրամ) անցած է կիսաաւարտական: Քառորդ աւարտականին հայ ըմբիշը յաղթած էր Իտալիան ներկայացնող Ճիովաննի Ֆրենին: Մեկնարկային գօտեմարտին ան յաղթանակ տարած էր Ատրպէյճանը ներկայացնող Զիյատ Զեյնալովի նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.