ԺԸՆԵՒ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 9ին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Ճան Քերիի միջեւ Սուրիոյ մէջ զինադադար հաստատելու գծով բանակցութիւնները որոշ յառաջխաղացք կրցած են արձանագրել, սակայն առկայ տարակարծութիւնները կրնան պատճառ դառնալ, որ վերջնական համաձայնութիւն մը չգոյանայ. այս մասին յայտնեց ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը։
Ռուսական աղբիւրներ աւելի ուշ հաղորդեցին, թէ նախարարներուն միջեւ բանակցութիւնները կանգ առած են Ուրբաթ երեկոյեան, սակայն երկու կողմերու փորձագէտները կը շարունակեն խորհրդակցութիւնները:
«Մայատին»ի թղթակիցը կը հաղորդէ նաեւ, որ ռուսական պատուիրակութիւնը մերժած է Սուրիոյ բանակին կողմէ արեւելեան Հալէպի շրջափակումը վերացնելու ամերիկեան պատուիրակութեան պահանջը:
Ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոս»չ թերթը գրած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ ներկայացուցած է սուրիական տագնապի լուծման վերաբերեալ իր «վերջին առաջարկը»:
Թերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան առաջարկը կ՛ենթադրէ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին զինադուլի հաստատում, մարդասիրական միջանցքի ապահովում, սուրիական օդուժի թռիչքներու դադրեցում, ինչպէս նաեւ միացեալ ռուս-ամերիկեան օդային արշաւ՝ ահաբեկիչներու դէմ: Թերթը չի նշեր, սակայն, թէ Ուաշինկթըն ի՞նչ այլընտրանքի պիտի դիմէ, եթէ ռուս գործընկերներուն հետ համաձայնելու ջանքը ձախողի:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ «ահաբեկիչները ընդդիմութենէն անջատելու հարցը տակաւին Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ տարակարծութեան կարեւորագոյն կէտն է», եւ նշեց. «Մոսկուայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ Սուրիոյ հարցով բազմաթիւ տեղեկութիւններ կը հրապարակուին, սակայն անոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ»:
Նաեւ, Հալէպի ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէնը հաստատեց, թէ վերջերս սուրիական բանակը մուտք գործած է Հալէպի հարաւարեւմուտքը գտնուող շրջաններ՝ նահանջի մղելով զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները։ Ան շեշտեց, թէ նշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող Հալէպի ելեկտրամատակարարման կայանի նորոգութեան աշխատանքները սկսած են արդէն եւ յառաջիկայ օրերուն կարելի պիտի ըլլայ, 40 օրերու անջատումէ ետք, վերստին ելեկտրականութիւն մատակարարել քաղաքին։