ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Մանկական բժիշկներու 5րդ ազգային համաժողովը համախմբած է աւելի քան 350 մանկական բժիշկներ Հայաստանի բոլոր մարզերէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն:
Համաժողովը կազմակերպուած է Մանկական բժիշկներու հայկական միութեան եւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեան համառօտակի ներկայացուցած է ծրագրային շարք մը մօտեցումներ՝ կարեւոր նկատելով իւրաքանչիւր անհատի բարեխիղճ աշխատանքը իր պաշտօնին մէջ։
«Մենք կը հոգանք ձեր մասնագիտական պաշտպանուածութեան, ձեր վաստակի եւ արժանապատիւ աշխատանքի ապահովման մասին, իսկ դուք՝ բնակչութեան առողջութեան մասին: Այս ուղղութեամբ միասին շատ անելիքներ ունենք եւ մեծ ճանապարհ ենք անցնելու:
Ես առանձնայատուկ ուզում եմ շեշտադրել մեր բժիշկների մասնագիտական հմտութիւնների եւ գիտելիքների բարձրացման կարեւորութիւնը՝ համարելով դա որպէս պարտաւորուածութիւն մեր ժողովրդի հանդէպ», ըսած է նախարարը՝ միեւնոյն ատեն շեշտելով, որ պարտաւոր են ուղիներ գտնել, որպէսզի բժիշկներուն ջանքերը գնահատուին:
Համաժողովին ընթացքին ներկայացուած են ընդհանուր մանկաբուժութեան, մանկական ներծորութեան, ուռուցքաբանութեան եւ մանկական վիրաբուժութեան արդիական հարցերուն նուիրուած դասախօսութիւններ ու զեկոյցներ: Դասախօսութիւններով հանդէս եկած են Զուիցերիայէն, Ռուսիայէն, Վրաստանէն յատուկ այդ նպատակով ժամանած նշանաւոր փրոֆեսէօրներ:
Համաժողովին մասնակիցները պիտի ստանան Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ վաւերացուած վկայագիրներ, պիտի շնորհուին շարունակական մասնագիտական զարգացման վարկեր: