ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցած է Ներկայացուցիչներու տան հանրապետական մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթիի հետ՝ քննելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
ՄըքՔարթի, Ներկայացուցիչներու տան խօսանկ Փօլ Ռայընէն ետք՝ ամենակարեւոր պաշտօնատարն է այդ օրէնսդիր մարմինին մէջ եւ ինքն է, որ կը համակարգէ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ քննուելիք հարցերու օրակարգը՝ իր շարք մը այլ պատասխանատուութիւններուն կողքին։ Ան Քալիֆորնիոյ Պէյքըրսֆիլտ քաղաքէն է ու 2007էն ի վեր կը ներկայացնէ նահանգին 23րդ ընտրատարածքը, ուր հազարաւոր ամերիկահայ ընտանիքներ բնակութիւն հաստատած են։
Նշենք, որ Համբարեան նախապէս նոյն նպատակով հանդիպում մը ունեցած էր նաեւ Փօլ Ռայընի հետ։
ՄըքՔարթիի հետ հանդիպումէն ետք, Համբարեան քաջալերական գտած է այն իրողութինը, որ պաշտօնատարը պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերը, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին անունով գործակցելու Ներկայացուցիչներու տան ղեկավարութեան եւ դեմոկրատ փոքրամասնութեան հետ, առաջ մղելու համար շարք մը հարցեր, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան յարաբերութեանց ամրապնդումը, Արցախի կարգավիճակին եւ ապահովութեան երաշխաւորումը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յստակ ճանաչումը։
Յիշեցնենք, որ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նեցուկ կանգնած էր ՄըքՔարթիի յաջողած ընտրապայքարին, նկատի ունենալով, որ ան երկար տարիներով նեցուկ կանգնած է ամերիկահայութիւնը յուզող հարցերուն եւ համահովանաւորած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող բանաձեւ մը։