ԴԱՄԱՍԿՈՍ.- «Բերիոյ Նիուզ»ը կը հաղորդէ, որ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14ին կայացած Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին, որուն ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ, հայազգի երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով՝ արտաքին գործոց նախարարէն պահանջած է Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը:
Դոկտ. Արիսեան իր ելոյթին մէջ լուսարձակի տակ առած է ՄԱԿի կողմէ Դեկտեմբեր 9ն՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի ու արժանապատուութեան, եւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման միջազգային օր» հռչակող փաստաթուղթը, ինչպէս նաեւ՝ ՄԱԿին վաւերացուցած 1948ի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին համաձայնագիր»ը, շեշտելով, որ ցեղասպանութեան յանցագործութեան ամէնէն ցայտուն օրինակը Հայոց Ցեղասպանութիւնն է:
Ապա, ան պահանջեց ցեղասպանութիւններու, մասնաւորապէս՝ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը:
Նշենք, որ վերոնշեալ նիստին ներկայ էր նաեւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ալան Պաքըր, որ օրեր առաջ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուէր Հայաստան եւ հանդիպում ունեցած էր Հայաստանի խորհրդարանի փոխնախագահին հետ՝ արծարծելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Պաքըր նիստին ընթացքին երկրորդեց դոկտ. Արիսեանի դիմումը եւ նոյնպէս պահանջեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: