ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեծ հաւանականութեամբ հայոց լեզուի ամէնէն համարձակ բառերէն մէկն է «լաստ»: Փոքրակազմ այս գոյականը, հազիւ չորս տառ, իր ծնած օրէն ունեցաւ մեծ հեռանկարներ ու հասաւ անոնց: Առաւելաբար, երկարակեացութեան աչքառու օրինակ մըն է անիկա: Այս համեստ միավանկը, որ ժամանակավրէպ պէտք է ըլլար ու միայն պատմաբաններն ու հնագէտները պէտք է հետաքրքրէր, յաջողեցաւ նոր պաշտօններ ընդունիլ ու մնալ այժմէական:
«Լաստ» բառի ոդիսականին ծանօթանալէ առաջ, նախ յիշենք, թէ ան կոճղերէ կամ տիկերէ կազմուած ծովային փոխադրամիջոց է, նաւակներուն ամէնէն նախնականը: Եւ ըստ լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեանի՝ բնիկ հայկական բառ է: Ունի հին արմատ՝ «լազտա»: Բուն իմաստն է «փայտ, կոճղ»: Լիթուաներէն «լազտա» բառը կը նշանակէ «փայտի կտոր, ձող, գաւազան կամ լախտ», իսկ էսթոներէն՝ «ընտանի կաղնիի թուփ»:
«Լաստ»ը չուզեց մնալ փայտ: Աճեցաւ: Իմաստի զարգացում ունեցաւ՝ «տափակ նաւ», «նաւու ողնահար», «մահիճի տախտակ»… Դարձաւ «լաստափայտ» (նաւ, Նոյան Տապան) ու խարսխեց Ս. Գիրքի հայերէն թարգմանութեան մէջ. «Քանզի եւ ի սկզբանէ ի կորնչել սկայիցն ամբարտաւանից, յոյս աշխարհի ՛ի լաստափայտն ապաւինեալ, եթող աշխարհի զաւակ լինելոյ՝ քո ձեռամբդ նաւապետեալ»:
Ապա եկաւ «լաստել» բայը՝ կառուցել, պատրաստել, հանդերձել, կազմել: Հակառակ անոր որ արմատախիլ եղած էր ու կացինահար, շարունակեց ճիւղաւորուիլ: Ծնունդ տուաւ բազմաթիւ բարդ եւ ածանց բառերու, ինչպէս «լաստիլ»՝ բռնակալել, տեղ մը հաստատուիլ, «լաստել», փոխաբերական իմաստով՝ երկիր մը բռնել եւ հոն տարածուիլ, «լաստակոտոր առնել»՝ կազմուածքը քայքայել, «պատուաստալաստ»՝ իրարու կցուած, «լաստենի»՝ ճախարակներ եւ լաստեր շինելու յարմար ծառ մը, «դադարք լաստ»ի՝ նաւահանգիստ: Աւելի նոր բառեր են՝ լաստագործ, լաստախաղաց, լաստակ, լաստակել, լաստակերտ, լաստաձեւ, լաստանաւ, լաստավար:
æրառատ է Հայկական լեռնաշխարհը: Ուստի, զարմանալի չէ որ «լաստ» բառը լաւ հասակ նետեց իր բնաշխարհին մէջ ու ծովագնացութեան նշանակելի պատմութիւն մը ունեցաւ: Այդ պատմութեանը ծանօթանալու համար, պէտք է դիմել մասնագէտներու՝ Երեւանի պետական համալսարանէն ներս գործող ԱՅԱՍ ծովային հետազօտութիւններու ա-կումբին: Ըստ անոնց, Սեւանայ լիճին վրայ անյիշելի ժամանակներ ի վեր ձկնորսութեան եւ ապրանքներու փոխադրութեան համար կը գործածուէին լաստեր: Ք. Ա. 8րդ դարու ասորական սեպաձեւ արձանագրութիւն մը կը հաստատէ, թէ ուրարտացիներու լաստեր նաւարկած են վերին Տիգրիս գետին վրայ: Հերոդոտոսը կը պատմէ, թէ հայ վաճառականներ լաստերով կը հասնէին Բաբելոն, իրենց ապրանքը, ինչպէս նաեւ լաստի փայտերն ու կաշիները կը վաճառէին հոն ու էշերով կը վերադառնային Հայաստան: Այդ լաստերուն ամուր կապերով միացուած կ՛ըլլային տիկեր՝ այծի կամ ոչխարի մորթէ փչուած պարկեր: Փոքր լաստերը կ՛ունենային 15-20 տիկ: Այդ լաստերը մինչեւ նոր ժամանակներ գործածուեցան Տիգրիսի, Եփրատի եւ Արածանիի վրայ:
«Լաստ» բառը նաեւ ճամբորդեց դէպի հիւսիս, հակառակ անոր որ Եփրատն ու Տիգրիսը դէպի հարաւ կը հոսին, իսկ Արածանին՝ դէպի արեւմուտք, դարձաւ «լաստ»ի ու սկսաւ նաւարկելու վրացիներու լեզուին մէջ, Քուռ գետին վրայ:
Ներկայ դարուն, լաստը զգաց, թէ այլեւս մարդիկ պէտք չունին իրեն: Բայց անիկա, հնարամիտ բառ, գտաւ բոլորովին նոր գործածութիւն ու դարձաւ… «փչովի լաստ», որ աւազան կամ ծով մտած երեխաներուն թեւերէն կ՛անցընեն, մինչեւ որ լողալ սորվին: Չկարծէք թէ նուաստացուցիչ դիրք մըն է ասիկա, այսինքն ահեղաձայն Եփրատէն ելլել ու ծանծաղ լողաւազան մտնել: (Գոյատեւման համար երբեմն պէտք է նսեմանալ եւ համեստանալ):
«Լաստ»ը, որ այժմ դարձած է երեխաներու խաղալիք, ունեցաւ իր փառքի օրերը: 1947 թուականին կատարեց իր ամենաերկար նաւուղղութիւնը՝ 6900 քմ.: Նախնական միջոցներով շինուած լաստը նորվեկիացի երկրախոյզ եւ հեղինակ Թոր Հէյերտալի ղեկավարութեամբ առագաստ բացաւ Խաղաղական ովկիանոսին վրայ, արկածախնդրութիւն մը, որ տեւեց 101 օր: Անուն իսկ տուին այդ լաստին՝ «Քոն-Թիքի»: «Քոն-Թիքի»ն դարձաւ վէպ, շարժա-պատկեր, նաեւ մրցանակակիր վաւերագրական մը:
Բայց լաստին ամէնէն զգայուն ուղեւորութիւնները տեղի ունեցան հայկական գրականութեան խաղաղութեան մէջ: Նախ ականջ տանք Միսաք Մեծարենցի «Տուր Ինծի, Տէ՛ր» բանաստեղծութեան.
Տո՜ւր ինծի, Տէ՜ր, ուրախութիւնն անանձնական.
Զայն ընդգրկած իտէալին ըլլամ սրսկան.
Զայն լաստ ըրած ես Լոյսերու նաւո՜րդն ըլլամ»:
Նիկողոս Սարաֆեանի գրիչին տակ ան վերածուեցաւ գրական յուզիչ պատկերի: Ահա «Աշնան Գիշեր» բանաստեղծութիւնը.
Կ՛իջնէ անձրեւը աշնան՝ տանիքն ի վար, պատն ի վար,
Մայթերն ի վար ամայի, լաստերու պէս հողմավար:
Լաստը իր ողբերգական ապրումները ունեցաւ Լ. Շանթի «Հին Աստուածներ»ուն մէջ ու դարձաւ Աբեղան աշխարհիկ սիրոյ կապող երազային կամուրջ մը.
ԱԲԵՂԱՅ- Լաստը… լաստը:
ԿՈՅՐ ՎԱՆԱԿԱՆ- Մոռացիր, մոռացիր այդ լաստը, Աբեղայ: Մոռացիր քեզի աշխարհին կապող այդ երերուն կամուրջը, մոռացիր այդ իրարու կապած երկու գերանի կտորը…
ԱԲԵՂԱՅ- Իրարու կապուած… այո… իրարու կապուած:
Իսկ Մուրացանի «Գէորգ Մարզպետունի» պատմավէպին մէջ, Սեւանայ կղզին ամրացած Աշոտ Երկաթ արքան լաստանաւով կը մօտենայ ափին, նետաձգութեամբ յանկարծ կը յարձակի արաբներուն վրայ ու պարտութեան կը մատնէ զանոնք:
Լաստ բառը 45 անգամ գործածուած է վէպին մէջ, ինչպէս՝ «Այդտեղ լաստագործ եգերացիք ուռենու դալար ոստերից հիւսած լախտերով կապկպում, միացնում էին այդ գերանները եւ նրանցից մեծամեծ լաստեր կազմելով՝ գետն իջեցնում: Երբ լաստերի թիւը մի քանի տասնեակների հասաւ, լաստավարներն սկսան միացնելու այդ բոլորը պարաններով եւ հետզհետէ դէպի հանդիպակաց ափը մղել: Այսպիսով լաստ լաստի միացնելով եւ ամէնը միասին գետափի վրայ ցցած բիրերին կապելով՝ կազմեցին մի ապահով կամուրջ…»
Լաստը, որ փոթորկալից ծովերու մէջ նաւաբեկ նաւաստիներու փրկութեան վերջին յոյսն էր, չէր կրնար վրիպիլ ծովանկարիչ Այվազովսկիի հայեացքէն: Ուստի, 1886ին մեծ վարպետի վրձինին տակ վերածուեցաւ իւղանկարի մը՝ «Լաստ Հաւաքողները» («Նաւաբեկութենէն Փրկուողները»):
Լաստը փրկութիւն է: Եւ մերօրեայ մտաւորականութիւնը, փոթորկալից աշխարհի վտանգներուն դիմաց, աւելի յաճախ սկսած է դիմելու «լաստ»ին ու անոր տալ վերջին, պատուաւոր պաշտօն մը՝ ազգային եւ հոգեւոր փրկութիւն: Մամուլի մէջ կը տեսնենք սուրիահայութեան արտագաղթի առիթով գրի առնուած յօդուած մը՝ ուշագրաւ խորագիրով. «Գանատան՝ Փրկութեան Լաստ, Կամ՝ Աւազախրում» (հեղ. Ժան Հալլաճեան): Իսկ Յունահայոց առաջնորդ Խորէն եպսկ. Տողրամաճեանի յիսնամեակին առթիւ գրուած յօդուած մը (հեղ. Սագօ Արեան) մեզի կը յիշեցնէ, թէ ինչպէս «լաստ»ը լողաց աշխարհի եօթը ջուրերը ու կարօտով վերադարձաւ հայրենիք. «Ու ինք՝ Տողրամաճեան եպիսկոպոսը, լաւ գիտէ, որ առանց այսօրուան Հայաստանին, անհեթեթ են մեր բոլոր պայքարները: Այս հողին վրայ աճող եկեղեցին կոչուած է դառնալ մեր փրկութեան իսկական լաստը»: