ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Ամօթին ու անամօթութեան մասին բարոյագիտական բնոյթի հատորներ կարելի է գրել, այնքան որ ընդարձակ է նիւթը, եւ բազմերես են անոր շօշափումի ծալքերը:
Աշխարհի հետզհետէ քաղաքակրթուելու երեւոյթին դիմաց սակայն, կայ անամօթութիւն մը, որ խարանի նման դաջուած է միլիոնաւոր մարդոց ճակատին: Անոնցմէ ոմանք ծածկած են անշուշտ իրենց ճակատը, որպէսզի չյայտնուի իրենց անամօթութիւնը, իսկ ուրիշներու պարագային բացայայտ է նշանը, եւ ամէն մարդ կրնայ տեսնել զայն, որ անամօթութիւն է մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Տագնապահար երկիրներու մէջ, ուր մանաւանդ պատերազմ կայ եւ անորոշութիւն, ի յայտ կու գայ անգործութիւնը, որուն հետեւանքով աղքատութիւնը, դեռ չըսելու համար ասոնց յարակից բազմաթիւ «ութիւն»ներ, որոնք մէկը միւսին իբրեւ հետեւութիւն, կը դժբախտացնեն բազմութիւններ, թշուառութեան գիրկը նետելով հաւաքականութիւն մը ամբողջ:
Կան նաեւ երկիրներ, ուր երաշտը պատճառ կը հանդիսանայ սովի, հիւանդութիւններու եւ մահուան: Բարեբախտաբար մարդասիրական կազմակերպութիւններու միջազգային յարաբերութիւնները այնքան անմիջական դարձած են, որ իրարու թշնամի պետութիւններու միջեւ եւս կարելի կ՛ըլլայ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ հասնիլ անմեղ ժողովուրդին, կեանքեր փրկելու եւ անոնց անմիջական կարիքները հոգալու:
Աղքատութեան տեսակները կ՛արժէ բաղդատել իրարու հետ, որովհետեւ ամէն աղքատ աղքատ չի՛ սեպուիր, իսկ պէտք է հարուստներէն ոմանք ալ աղքատ անուանել: Կեանքին եւ հարստութեան մօտեցումին կամ անոնց հետ վարուելու ձեւին մէջ է մեր կատարած ակնարկին պատասխանը: Մարդ կայ, որ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին աղքատ կ՛ապրի, ագահութեան պատճառով, սակայն իբրեւ հարուստ կը մեռնի… Անոր մահէն ետք կը բացայայտուի, թէ որքա՜ն հարստութեան տէր էր ան: Զարմանալին այն է, որ երբեմն նման անձեր ժառանգորդներ ալ չեն ունենար, որպէսզի գէթ անոնք վայելեն կտակուած հարստութիւնը, եւ տուեալ երկրին պետութիւնը կը սեփականացնէ զայն: Մարդու ճիշդ ա՛յս տեսակին համար գրուած է այն առածը, որ կ՛ըսէ. «Աղքատ ձեւացող հարուստին ունեցուածքը կը նմանի լերան անմերձենալի կատարին ինքնաբոյս թզենիին, որուն պտուղները ո՛չ ինք, ո՛չ ալ ուրիշը կրնայ քաղել, սակայն ագռաւները կու գան, հանգիստ կը նստին անոր վրայ եւ կը կտցահարեն բոլոր թուզերը»:
Մեր կատարած ակնարկին երկրորդ բաժինը, ուր կ՛ըսուէր, թէ հարուստներէն ոմանք ալ պէտք է աղքատ անուանել, անոր համար՝ որ Աստուծոյ տուած հարստութեան դիմաց, Անոր գոհաբանութիւն յայտնելու լաւագոյն կերպերէն մէկը բարեսիրութիւնն է: Այն հարուստը, որ տակաւին բարեսիրութեան ճաշակը չէ՛ առած, աղքատէ մը չի՛ տարբերիր: Սակայն զայն աղքատ չեն կոչեր մարդիկ, որովհետեւ իր արտաքին տեսքով կը տարբերի աղքատներէն, այսինքն՝ իր մաքուր հագուստներով եւ գործածած թանկարժէք անուշահոտերով: Մինչդեռ, պէտք չէ՛ զայն հարուստ անուանել, այլ՝ աղքատ, որովհետեւ այնքա՛ն աղքատ է, որ կը խորհի, թէ իր շուրջ գտնուող աղքատները իրեն նման կուշտ են եւ բաւարարուած… Ուրեմն զգացողութեան տկարութիւն ունին անոնք եւ այդ պատճառով ալ չեն կրնար իրենց շրջապատին հանդէպ սէր եւ հոգատարութեան մօտեցում ցուցաբերել:
Անամօթ ածական կը դնենք անունին դիմաց այն անձերուն, որոնք չեն ամչնար, նոյնիսկ եթէ ամչնալ պարտաւորուին: Մեր լեզուի տարբեր բարբառներուն մէջ նոյն այս անամօթութեան երեւոյթը ներկայացնելու համար տարբեր բառեր եւ ասոյթներ կը գործածուին: Օրինակ, խօսակցական մեր լեզուին մէջ ընդհանրապէս նման անձերը կը բնորոշենք իբրեւ «երեսը պատռուած» մարդիկ, որոնք ամչնալու հիմնական պատճառ մը կամ շատ պատճառներ ունին, սակայն այնպէս կը ձեւացնեն, թէ տեղեակ չեն եղածէն: Մեր լեզուին մէջ նաեւ գործածական է «պատին երկու երեսները թափուած են» ասոյթը, որ ցոյց կու տայ, թէ անձը այնքան անամօթ է, որ ալ չկայ ո՛չ ներս, ո՛չ դուրս: Այսինքն՝ ոչ մէկ անձէ կ՛ամչնայ ան:
Անամօթութիւնը իր այս բարոյական իմաստէն տարբեր, ունի նաեւ այլ իմաստ մը, որ ինքնադաստիարակութեան կ՛առաջնորդէ մարդը: Աշխարհի մէջ մեծագոյն անամօթութիւնը անօթութիւնն է: Անօթութեան պատճառները ուսումնասիրելը մեր նպատակէն դուրս է: Սակայն, տոկոսային հաշիւով ամէնէն բարձր համեմատութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այսօր անօթութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկը ծուլութիւնն է, որուն հետեւանքով անգործութիւնը, եւ ասոր արդիւնք՝ անօթութիւնը ի յայտ կու գան:
Բոլորս ալ հանդիպած ենք մարդոց, որոնք կը նախընտրեն անգործ մնալ, քան՝ իրենց համար վարկաբեկիչ նկատուող արհեստներ աշխատիլ: Նոյն այս անձերէն շատեր, որոնք իրենց երկրին ու իրենց ժողովուրդին մէջ արժանապատուութիւն կը փնտռէին, յանկարծ ի յայտ կու գայ, որ օտար երկիր փոխադրուելէ ետք, սկսեր են նոյն այդ անարգական ու վարկաբեկիչ համարուող արհեստները աշխատիլ: Ո՞ւր մնաց սկզբունքը…։
Աւագ սերունդի ներկայացուցիչները կ՛ըսէին՝ «Գործին ամօթը չկայ», որովհետեւ անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է: Մեր ժողովուրդի ժամանակակից պատմութեան ընթացքին եղաւ ժամանակ, երբ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած ընտանիքներու զաւակները անօթի քնացան: Կամ՝ եղաւ ժամանակ, երբ տան հայրը հազիւ ապուրով մը կրցաւ կերակրել իր ընտանիքը մէկ օրուան ընթացքին: Սակայն, նոյնիսկ այդ վիճակին մէջ, կը պատմուի, թէ տան մայրը կը թելադրէր իր զաւակներուն, ապուրը կերած ժամանակ դգալները ամանին զարնել, որպէսզի հարեւանները իմանային, որ իրենք ճաշ ունին ուտելիք այդ օր… Որովհետեւ անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է…
Գլխաւոր այն հարցումը, որ անգործ մարդը պէտք է հարցնէ ինքն իրեն այն է, թէ «ես ինչո՞ւ գործ չունիմ»: Այս հարցումին պատասխանը երբ գտնէ, արդէն փրկուած կ՛ըլլայ անամօթութենէն, որ իր ճակատին խարանուած աղուէսադրոշմ ալ ըլլայ, պիտի մաքրուի եւ անհետանայ:
Ներկայ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ ամէնէն աժան եւ դիւրին լսուող պատասխանն է այս. «Գործ չկայ»: Սա միայն աշխատանքային ասպարէզներուն համար տրուած անմիջական պատճառաբանութիւն մը չէ՛, այլ նաեւ մշակութային տարբեր ոլորտներու մէջ օգտագործուած աժանագին պատճառ մը, որ հովանաւորուած է ծուլութեան կողմէ: Եթէ ծոյլ չես, ուրեմն գործ ունիս: Եթէ գործ ունիս, ուրեմն՝ աղքատ չես: Եթէ աղքատ չես, կրնաս անպայման հարուստ մը չըլլալ, սակայն վստահաբար անօթի չես մնար: Եթէ անօթի չես մնար, ուրեմն անամօթ մը չես եւ անամօթութեան անպատիւ քօղը երեսէդ վար առնուած կ՛ըլլայ: Մուրացկաններու դէմքերուն վրայ քօղ չենք տեսներ, սակայն ընդհանրապէս անամօթութեան անտեսանելի շղարշով պատուած կ՛ըլլայ անոնց արեւահար գլուխը: Այլապէս, պէտք է մտածէին, թէ արդեօք ո՞վ պիտի հանդիպի այդ օր իրենց, մուրացկանի ցնցոտիներու մէջ տեսնելով զիրենք: Թէպէտ անոնք քօղ չունին իրենց երեսին, սակայն այնպէս կը զգան, թէ անօթութեան բերումով խղճահարող շղարշ մը իջած է իրենց դէմքին, որ թոյլ չի՛ տար զիրենք ճանչնալու: Իրօք ալ, ողորմութիւն տուողներէն շատերը մուրացիկին դէմքին չեն նայիր, այլ՝ անոր բաց ափին նայելով, հոն կը դնեն իրենց լուման:
Անօթութիւնը մեծագոյն անամօթութիւնն է, յատկապէս ներկայ քաղաքակիրթ եւ զարգացած դարուն: