ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Եւրոպական յանձնաժողովի Հարեւանութեան եւ ընդլայնման շուրջ բանակցութիւններուն գծով գլխաւոր տնօրէն Քրիսթիան Տենիէլսոն եւ Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեանը 16 Դեկտեմբերին ստորագրած են երկու ֆինանսական համաձայնագիրներ, որոնք կը միտին Հայաստանի աշխատանքային շուկայի արդիւնաւէտութեան բարձրացման ու Հայաստանի մէջ ելեւմտական կառավարման համակարգի հզօրացման աջակցութեան:
Եւրոպական միութեան նոր՝ «Բարձր որակաւորում յանուն աւելի լաւ աշխատանքի» ծրագիրը, որուն պիւտճէն կը կազմէ 15.2 միլիոն եուրօ, նպատակ ունի բարձրացնել Հայաստանի աշխատանքի շուկային արդիւնաւէտութիւնը՝ կատարելագործելով աշխատուժի աշխատանքով ապահովման համակարգը եւ յատկապէս կարեւոր նկատելով զբաղուածութիւնը գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ:
Մասնագիտական կողմնորոշման ազգային համակարգի ներդրման, ասպարէզային կեդրոններու վերազինման եւ ցկեանս ուսումնառութեան պայմաններու բարելաւման շնորհիւ, այս նոր նախաձեռնութիւնը պիտի նպաստէ աշխատանք փնտռողներուն՝ մասնագիտական որակաւորումներու զարգացման ու անոնց աշխատանքի ապահովման: Ծրագիրը կարելիութիւն պիտի տայ կատարելագործելու հանրային եւ մասնաւոր հատուածի պահանջով պայմանաւորուած աշխատուժի մատակարարման մեքանիզմները՝ տուեալներու հաւաքագրման եւ կիրարկման աւելի արդիւնաւէտ համակարգի ներդրման շնորհիւ:
Նախաձեռնութեան յատուկ նպատակն է Մասնագիտական կրթութեան եւ ուսուցման գիւղատնտեսական քոլեճներու շրջանաւարտներուն համար ստեղծել աշխատատեղեր եւ ապահովել մասնագիտական որակաւորման հեռանկարներ՝ ազգային վարպետային ուսուցման, աշկերտութեան համակարգերու մշակման եւ գիւղատնտեսական մասնագիտական կեդրոններու վերազինման միջոցով:
Միաժամանակ Եւրոպական Միութիւնը կը ստորագրէ պետական ֆինանսներու քաղաքականութեան բարեփոխումներու աջակցութեան նոր ծրագիր, որուն պիւտճէին կը կազմէ 10 միլիոն եուրօ, եւ որ կը միտի միջազգային չափանիշներուն եւ մասնագիտական փորձառութեան բարձրացման՝ պետական ծախսերու հաշուետուողականութիւնը, թափանցիկութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը ապահովելով:
Ծրագիրը պիտի նպաստէ պիւտճէի ծրագրաւորման եւ ծախսերու կատարման թափանցիկութեան ու հաշուետուողականութեան բարձրացման՝ հաշուապահական հաշուառման եւ հաշուեքննիչ գործընթացներու կատարելագործման միջոցով: Ինչպէս նաեւ պիտի ապահովէ աւելի մասնակցային պիւտճէական գործընթացներ՝ քաղաքացիական հասարակութեան եւ Ազգային ժողովի ներգրաւուածութեամբ: