Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր եւ հարազատին՝ Պերճուհի Քաֆիթիի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2016ին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնները պիտի կատարուին միայն ընտանեկան պարագաներուն ներկայութեամբ։
Սգակիրներ՝
Զաւակները՝ Սուհէյլ եւ Մայքըլ Քաֆիթիներ
Թոռները՝ Տոմինիք, Քրիսթըֆըր եւ Ճենիֆըր
Ծոռները՝ Աարոն-Ժոզէֆ, Մըլիսա, Լուշըս եւ Լիլիանա
Քոյրերը՝ Մարի, Լուսի եւ Օզուննա Տէր Մաթէոսեան
Եղբայրը՝ Վարդան Տէր Մաթէոսեան
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Հանգուցեալի յիշատակին, նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՕՄի «Անահիտ» մասնաճիւղին։