ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– 9 Յունուարին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է ցանկը այն չորս ազգային փոքրամասնութիւններուն, որոնք կրնան ընդգրկուած ըլլալ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու համամասնական ցանկերուն մէջ:
Յանձնաժողովը կը տեղեկացնէ, որ Ազգային ժողովի Ապրիլ 2ին կայանալիք հերթական ընտրութիւններուն նախորդող վերջին մարդահամարը կայացած է 2011 թուականին, իսկ, այդ մարդահամարի տուեալներուն համաձայն, Հայաստանի մէջ առաւել մեծ թիւով մնայուն բնակչութիւն ունեցող առաջին չորս ազգային փոքրամասնութիւններն են՝ եզիտի՝ 35,308, ռուս՝ 11,911, ասորի՝ 2769, քիւրտ՝ 2162:
Նշենք, որ, Ընտրական օրէնսգիրքի 83րդ յօդուածին համաձայն, քաղաքական ուժերու կամ նախընտրական դաշինքներու համապետական ընտրական ցանկին մէջ պէտք է ընդգրկուին Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն նախորդող վերջին մարդահամարի տուեալներով Հայաստանի մէջ առաւել մեծ թիւով մնայուն բնակչութիւն ունեցող ազգային առաջին 4 փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները: