ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Արցախի պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ 18 Յունուարին՝ ժամը շուրջ 14:00ին, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վէրք ստացած եւ մահացած է 1997ի ծնունդ զինուոր Անդրանիկ Սմբատի Մուսիկեանը: Ան Գեղարքունիքի մարզի Գեղհովիտ գիւղէն է, որուն գիւղապետը՝ Վարդան Պօղոսեան, յայտնած է, որ Անդրանիկ ընտանիքին փոքր տղան էր: «Ջրակնում (Ջեբրայիլ) էր ծառայում: 5 ամիս էր մնացել, որ զօրացրուէր: Անդրանիկն ունի երկու աւագ եղբայր: Ծնողները նեղութեան մէջ են ապրում», ըսած է գիւղապետը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը գուժած է զինուորին կորստեան ծանր վիշտը եւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած անոր ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նոյն օրը ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանելու ատեն ցուցաբերած արիութեան համար Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինուոր Անդրանիկ Մուսիկեանը յետ մահու պարգեւատրուած է «Մարտական ծառայութիւն» մետալով: