ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Քրեմլին իր պատրաստակամութիւնը յայտարարեց «անհրաժեշտութեան պարագային»՝ Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ նոր բանակցութիւններ կազմակերպելու եւ նշեց. «Ասթանայի մէջ միջսուրիական բանակցութիւնները փաստեցին իրենց յաջողութիւնը»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր կարգին նշեց. «Ասթանայի ժողովին արդիւնքները պիտի յանգեցնեն սուրիական հարցի քաղաքական լուծման յառաջ մղումին»:
Միւս կողմէ, թրքական «Հապերսոլ» կայքը հաղորդեց, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն մասնակցող սուրիական ընդդիմութեան ներկայացուցիչներէն մէկը, լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին դժգոհութիւն յայտնած է այն բանին համար, որ Ասթանայի բանակցութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ դիրքը չափազանց տկար էր, եւ որ թրքական կողմը չէ կրցած պաշտպանել սուրիական ընդդիմութեան շահերը: