ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ
Ցաւալի է, որ Հայաստանի անկախացումով պետական կառոյց մը չստեղծուեցաւ կանոնակարգելու եւ հսկելու համար հայերէնը. ոչ միայն մաքրազտելու անոր բառապաշարը օտարաբանութենէ, այլ՝ հսկելու նորակերտ բառերու յօրինումին:
Կանոնադրութեան սանձազերծ անօրէնութիւնն ու արհամարհանքը այնքան յառաջացած է որոշ անհատներու մօտ, որոնք համարձակութիւնը ունին դիմատետրի մէջ տեղադրելու անհեթեթ, անիմաստ եւ ինքնակերտ բառեր:
Օրինակ՝ օտար like բառով շինուած «լայքել-լայքէք» բառերը, կամ առիթ բառով՝ «առիթաւորուած» բառը:
Այս անձինք համոզում չունին, որ բառակերտումը պէտք է կատարուի որոշ սկզբունքներու հիման վրայ կամ մասնաւոր պետական կառոյցի կողմէ հաստատուած մասնագէտ յանձնախումբի մը կողմէ: Ներկայիս իրաւասու պետական յանձնախումբ մը գոյութիւն չունի Հայաստանի մէջ, ուստի ամէն մէկ անգրագէտ եւ մոլորուած տրամաբանութեամբ անձ կրնայ հայերէն նորակերտ բառեր «շինել» եւ տեղադրել դիմատետրի, համացանցի կամ իր յօդուածին մէջ… Հայաստանի մէջ «բառ շինողները» բազմաթիւ են՝ սկսեալ համայնավարութեան շրջանէն… Նախորդ յօդուածիս մէջ անդրադարձայ հեռուստացոյց բառով կազմուած որոշ բարդ բառերու եւ մատնանշեցի, որ բառարմատը «հեռ» է եւ ճիշդ կերպը պէտք է ըլլար հեռացոյց: Ինչ որ է, եթէ ընդունինք հեռուստ բառը որպէս հէռուէն իմաստով, հեռուստացոյցն ալ հեռուէն ցոյց տուող իմաստ կ՛ունենայ:
Երբ հայերէն բարդ բառ կազմուի, բոլոր բաղադրիչ բառերն ու ածանցումները պէտք է պահուին ամբողջական բարդ բառին մէջ, որպէսզի իմաստ ունենայ բարդ բառը: Սակայն Հայաստան եւ «հայաստանեան հայերէն» գործածող հեռատեսիլի եւ տպագիր մամուլի անգրագէտ «գրագէտներն» ու մտաւորականները կը կրճատեն եւ կը զեղչեն որոշ բաժինը այդ բարդ բառին: Օրինակներով խօսինք.
Հեռ+ուստ=հեռուստ+ցոյց=հեռուստացոյց:
Հեռուստացոյց+ընկերութիւն=հեռուստացուցաընկերութիւն (ճիշդ) եւ ոչ հեռուստաընկերութիւն.
Հեռուստացոյց+ալիք=հեռուստացուցաալիք (ճիշդ) եւ ոչ հեռուստալիք:
Հեռուստացոյց+շուկայ=հեռուստացուցաշուկայ (ճիշդ) եւ ոչ հեռուստաշուկայ:
Անիմաստ բառեր են հեռուստաժամ, հեռուստաշուկայ, հեռուստաընկերութիւն եւ հեռուստաալիք բառերը, եթէ այս բառերը ընդունինք հայերէնին մէջ ամբողջովին կը խախտի բարդ բառակազմութեան հիմքերն ու կանոնները եւ պարտաւոր կ՛ըլլանք օդանաւակայանի փոխարէն գործածել օդակայան, զօրանոցապետի տեղ՝ զօրապետ, հիւանդանոցապետի տեղ՝ հիւանդապետ, գրադարանապետի տեղ՝ գրապետ, եւ այլն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի չնաշխարհիկ (Չինաստանէն եկած) «շինծու» հեռուստամարաթոն բառին, որ վերջերս բոլոր հեռատեսիլի կայաններէն կը հոլովուի, անմիաստ, անճոռնի եւ աղբանոց թափելու բառակապակցութիւն է, որ հայերէնին մէջ տեղ չունի…:
Մեկնաբանենք տրամաբանօրէն եւ պարզենք, թէ ո՞ր հանճարը անխոհեմօրէն միացուցած է 2 բառերը եւ իր իմաստուն իմաստաւորումը «կնքած» է բառին:
Հեռուստամարաթոն կազմուած է հեռուստ եւ Մարաթոն բառերէն: Այս բառերուն իմաստները՝ հեռուստ=հեռուէն է: Մարաթոնը հիւղաւանի անունն է Աթէնքէն մօտաւորապէս 26 մղոն հեռու, որ աշխարհահռչակ ճանաչում գտաւ 499 թուականին Քրիստոսէ առաջ, երբ յունական բանակը յաղթեց անպարտելի Արքայից Արքայ Դարեհի բանակին եւ երիտասարդ յոյն զինուորը վազելով Աթէնք հասցուց յաղթանակի աւետիսը: Ըստ աւանդութեան՝ ուժասպառ գետին ինկաւ եւ հոգին աւանդեց: Որպէս այս հերոսի եւ յաղթանակի նուիրուած յիշատակը յաւերժացնող մարզաձեւ՝ հիմնուեցաւ հիւղաւանի անունով մարաթոնեան քայլարշաւը եւ մարաթոնեան մրցավազքը եւ այլն:
Իսկ մտայնութեամբը ամերիկացիներու, որոնք մասնագէտ են հինը քանդելու եւ կրճատելու մէջ, նոյնպէս վարուեցան մարաթոնեան վազք կամ մարաթոնեան քայլարշաւ բառերուն հետ եւ պահեցին միայն Մարաթոն բառը, որպէս երկարատեւ վազքի եւ քայլարշաւի իմաստը կրող եզրոյթ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի հայերէն հեռուստամարաթոն բառի իմաստին՝ որեւէ իմաստ չունի: Հեռուէ՞ն մարաթոն, կամ հեռուէն երկարատեւ վա՞զք, կամ շեղած «Հայաստանեան հայերէն»ի իմաստով՝ հեռուստատեսիլային, հեռատեսիլային երկարատեւ վա՞զք կամ քայլարշա՞ւ… Եղածը հանգանակութիւն է, ուրեմն ճիշդ եզրը հեռատեսիլային հանգանակութիւն կամ հեռուստացուցային երկարատեւ հանգանակութիւն պէտք է գրուի կամ պարզապէս՝ դրամահաւաք:
Ըսել կ՛ուզենք հայերէնը այնքան այլանդակուած ու այլասերած է, որ հեռուստամարաթոն=հեռուէն Մարաթոն գրենք եւ երկարատեւ հեռատեսիլային հանգանակութիւն հասկնա՞նք:
Ժամանակն է աղբանոց թափելու եւ շրջանառութենէ հեռացնելու հեռուստաժամը, հեռուստաալիքը, հեռուստաընկերութիւնը, հեռուստաճաշարանն ու հեռուստամարաթոնը, իսկ ինչ կը վերաբերի հեռուստասերիալ բառին, որ բառացիօրէն հեռուէն սերիալ իմաստը ունի եւ ոչ՝ հեռուստացուցասերիալի: Ակներեւ է, որ «սերիալ» բառը լատիներէնէ սերած եւրոպական լեզուներու բառապաշարին մաս կը կազմէ, որուն հայերէն համապատասխան բառերը՝ շարան, հաղորդաշար կամ հեռատեսիլի պարագային դրուագաշար է:
Արդեօք հայերէն հեռատեսլադրուագաշար, հաղորդաշար կամ հեռացուցադրուագաշար բառերը կարելի չէ՞ գործածել յարգելով բարդ բառակազմութեան օրէնքները, փոխանակ «սերիալ» օտար բառը մխրճելու հայերէնի բառապաշարին մէջ:
Հայերէնը աղաւաղողներն ու ջլատողները ներկայիս միայն այդ «շինծու» ոչ հայերէն բառերը կը գործածեն:
Գնահատելի է, որ նորանշանակ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը՝ Լեւոն Մկրտչեան, կը քննարկէ վերահաստատելու «հայերէնի բարձրագոյն խորհուրդ» ձեւաւորելու առաջարկը, որպէսզի խորհրդատուական իրաւունքէն աւելի օրէնսդիր իրաւասութիւն ունենայ այդ մարմինը, քանի որ լեզուի պետական տեսչութիւնը լիազօրութիւն չունի հայերէնի ներկայ խնդիրները կանոնաւորելու:
Յուսանք այս յանձնախումբը շուտով կազմուելով՝ սկսի հայերէնին մէջ բազմացող տատասկներն ու մոլախոտերը մաքրազտելու, որպէսզի ունենանք հարազատ, ջինջ ու զուլալ հայերէն:
ՏՈՔԹ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ՝ «Մեսրոպեան Ուխտ»
Լեզուապահպանական Միութիւն