ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի նախագահ Ժոզէֆ Քասթրոյի եւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի հետ այցելած է համալսարանի մասնաճիւղին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Վկայակոչելով The Collegian–ը՝ «Արմէնփրէս»ը կը հաղորդէ, որ այցելութիւնը կատարուած է հայոց բանակի 25ամեակին առիթով: «Այս յուշարձանը մեզի համար հպարտանալու հզօր պատճառ է, քանի որ անիկա իր տեսակին մէջ միակն է Միացեալ Նահանգներու համալսարանական մասնաճիւղին մէջ: Անիկա մեր հայկական ու միւս համայնքներուն ցոյց կու տայ, որ մենք կանգնած ենք իրենց կողքին, կ՛աջակցինք իրենց», նշած է Քասթրօ:
Դեսպան Յովհաննիսեան կարեւոր նկատած է համալսարանի տարածքին մէջ յուշարձանի տեղադրումը: «Կալիֆորնիայի լաւագոյն համալսարաններից մէկի կողմից նման հրաշալի յուշարձանի տեղադրումը հզօր խորհրդանիշ է, որից համերաշխութիւն է ճառագում», յայտնած է ան:
Քասթրօ Հայաստանի դեսպանին յանձնած է համալսարանական յուշանուէր՝ ընդգծելով, որ դեսպանին այցելութիւնը կարեւոր ապացոյց է Քալիֆորնիոյ համալսարանին եւ հայաստանեան համալսարաններուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման: