ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մոսկուա դէմ է ռուս լրագրող Անտրէյ Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելու Պելոռուսի որոշումին՝ պնդելով, որ Ռուսիոյ քաղաքացիներ այլ երկիրներու յանձնելը անթոյլատրելի արարք է. այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:
Ան աւելցուցած է, թէ այս գծով իրենք շարունակական կապի մէջ են Պելոռուսի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ անոր համապատասխան մարմիններուն հետ։
Նշենք, որ Լափշին ունի Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացիութիւն: Ան ձերբակալուած էր Դեկտեմբեր 15ին, Մինսկի մէջ, Պաքուի դիմումին համաձայն։ Ան, Արցախ այցելելուն համար, Ատրպէյճանի «սեւ ցանկ»ին մէջ առնուած է։