ԵՐԵՒԱՆ.- Հարկեր չվճարելու համար քրէական պատասխանատուութեան շեմը 2 միլիոն դրամէն պիտի բարձրանայ 4 միլիոն դրամի:
Ուրբաթ, Փետրուար 3ին, ներկայացնելով Քրէական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններու նախագիծը՝ Ազգային ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին այս մասին յայտնած է արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեան:
Առաջարկուող իրաւական կարգաւորումով վերանայուած են նաեւ «չարամտօրէն խուսափիլ» եւ «խեղաթիւրուած տուեալներ» հասկացութիւնները, որոնք, ըստ նախարարին՝ անցեալին բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացուցած էին եւ կը դժուարացնէին ապացուցելը, թէ՝ օրինակի համար, հարկատուի մը տուրք չվճարելը ո՞ր պարագային չարամտութեան արդիւնք կը համարուի: ՚
Օրինագիծը Երկուշաբթի, 6 Փետրուարին հաստատուեցաւ Ազգային ժողովին կողմէ: