ԵՐԵՒԱՆ.- 2016ի Յունուար ամսուան հետ բաղդատած՝ այս տարուան Յունուարին «Զուարթնոց» օդակայանը ունեցած է 22,9 տոկոսով առաւել ուղեւորներ: 2017 Յունուար ամսուան ուղեւորներու հոսքը կազմած է 168,741 մարդ:
2017ի Յունուարին անցեալ տարուան նոյն ամսուան համեմատած՝ աճած է նաեւ բեռներու փոխադրութիւնը: Այս տարուան առաջին ամսուան ընթացքին «Զուարթնոց»ի ճամբով փոխադրուած է 965 թոն ապրանք, որ 36,2 տոկոսով կը գերազանցէ 2016ի Յունուարի ցուցանիշը:
Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանը արձանագրած է առաւել նշանակալի աճ: 2017 Յունուար ամսուն ուղեւորահոսքը 103,8 տոկոսով աճած է նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած: