ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի աւագանիի որոշումով, Երկուշաբթի, Մարտ 6էն սկսեալ ուժի մէջ կը մտնէ ելեկտրամոպիլներուն (ելեկտրական ինքնաշարժ) կայանատեղի կամ կանգառի տեղական վճարումի ուղղութեամբ արտօնութիւն սահմանելու մասին որոշումը: Նշեալ արտօնութիւնէն օգտուելու համար ելեկտրամոպիլներու տէրերը կամ այլ օրինական պատասխանատուները պէտք է համապատասխան դիմում ուղարկեն Երեւանի քաղաքապետին՝ կցելով դիմումը հիմնաւորող անհրաժեշտ փաստաթղթերը:
Ելեկտրամոպիլներու տէրերուն ինքնաշարժի կայանի տեղական վճարէն («կարմիր գծեր») ազատելու առաջարկը քաղաքապետարանին ներկայացուցած էր «Հայ-ամերիկեան բարեկամութիւն»ը՝ «Կանաչ ենթակառուցուածքներ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ։
«Հայ-ամերիկեան բարեկամութիւն»ի խորհուրդի անդամ, «Կանաչ ենթակառուցուածքներ» ծրագիրի նախաձեռնողներէն Ռուբէն Յարութիւնեան «Մեդիամաքս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է. «Ինչպէս քաղաքապետարանին ուղղուած «կարմիր գծեր»ի տուրքից ազատելու, այնպէս էլ կառավարութեանը էլեկտրամոբիլ հասկացութիւնն օրէնքում ներառելու եւ դրա համար նախատեսուած ճանապարհային նշաններ ունենալու հարցով դիմումներն արագ արձագանգի են արժանացել»:
Հայաստանի մէջ ելեկտրամոպիլներու համար ներդրուող արտօնութիւնները որոշ չափով ապագային ուղղուած քայլ են, որովհետեւ ներկայիս անոնց քանակը տակաւին շատ համեստ է: Այս տարուան Յունուարի տուեալներով հայաստանի մէջ միայն 6 ելեկտրամոբիլներ կան, երեք՝ Tesla մակնիշի, մէկ՝ Nissan Leaf եւ երկու Eagle մակնիշի։