«ԱԿՕՍ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍ ՌԻՉԸՐՏ ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
Վարեց՝ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթերէն մէկը դարձած է նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը: Յատկապէս Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեանի հրաժարումէն ետք այս փոթորկոտ խնդիրը ալ աւելի ծաւալեցաւ եւ հարկ եղաւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի միջամտութիւնը: Սակայն պատրիարքարանի պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթներ չէին այս բոլորը, քանի որ անցեալին ալ նման ճգնաժամեր ապրուած էին: Արդարեւ, այս մասին հարցումներ ուղղեցինք Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ժամանակակից հայկական ուսումնասիրութիւններու բաժինի դասախօս Ռիչըրտ Եդուարդ Անթառամեանին:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ.- ժԹ. դարուն ի՞նչ տեսակ յարաբերութիւն մը կար Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ:
ՌԻՉԸՐՏ ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆ.- Քանի մը տարբեր մակարդակի վրայ կ՛ընjանային այդ յարաբերութիւնները: Նախ նշենք, որ Օսմանեան քաղաքականութիւնը կերտուած էր դաւանանքներու վրայ: Հայ եկեղեցին եւ հոգեւորականաց դասը Օսմանեան իշխանութեան մէջ յատուկ բաժին ունէին: Այս բաժինը կը կայանար համայնքներու պահանջներուն դիմագրաւման եւ պետութեան հանդէպ հաւատարմութիւնը երաշխաւորելու հիման վրայ: Անշուշտ որ համայնքներու կարիքները միայն հոգեւոր չէին: Այսպիսով, հոգեւորականաց դասը բացի նիւթական հարստութիւն կուտակելէ, միջնորդի դեր ստանձնած էր նաեւ Օսմանեան հասարակութեան մէջ: Եկեղեցին կայսերական քաղաքականութեան լրացուցիչ մէկ տարրն էր նաեւ: Այս գիտելիքներուն հիման վրայ պէտք է քննարկել Պոլսոյ պատրիարքարանի մենաշնորհներու ընդլայնումը: Պատրիարքարանը կը ղեկավարուէր պետութեան կազմին մէջ աշխատող եւ պատրիարքարանի ու պետութեան միջեւ կամուրջի դեր ստանձնող հայ սերունդներու կողմէ:
Նախքան ԺԹ. դարը, պատրիարքարանը խիստ սահմանափակ իշխանութիւն ունէր մայրաքաղաքէն դուրս: Սակայն Մեծ Դրան ուժը՝ կայսերական թղթաբանութեան միջոցաւ, ընդլայնեցաւ եւ այդ ընդլայնումէն օգտուեցաւ նաեւ պատրիարքարանը: Այստեղ, այս ընդլայնումին մէջ կ՛արժէ նշել Յակոբ Կրճիկեան, Սերովբէ Վիչէնեան եւ անշուշտ Գրիգոր Օտեանը եւ միւսները, որոնց շնորհիւ այս երկու կազմերու ընդլայնումը իրար ամբողջացուցին:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ.- ԺԹ. դարուն, Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքարանը միայն կրօնակա՞ն հաստատութիւն մըն էր, թէ ոչ ընկերային հասարակական նիւթերու մէջ ալ իրաւասութիւններ կը վայելէր:
ՌԻՉԸՐՏ ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆ.- Ինչպէս ըսի, պատրիարքարանը եւ Ա+-ռաքելական եկեղեցին վարչական յատկութիւն մը ունէին: Այսպիսով, հոգեւորականը եւ վանքերը շրջանային իշխանութիւններու մէջ որոշ հեղինակութիւն ունէին: Այստեղ կայսրութեան հարկահաւաքման եղանակը կը նպաստէր եկեղեցւոյ իշխանութեան զարգացումին:
Հոգեւորականաց դասը, նահանգներու աւագանին, կայսերական վարչամեքենան իրարու շաղկապող բարդ ցանց մը կը գործէր: Այդ ցանցը ա՛լ աւելի կը զօրացնէր դերակատարներու մենաշնորհները: Հայկական սահմանադրութեան գործադրման այսքան մեծ աղմուկի տեղի տալուն ետին պէտք է տեսնել բոլոր այս գործօնները: Սահմանադրութիւնը վերջ տուաւ վանքերու հսկողութեան եւ ա՛լ աւելի զօրացուց պատրիարքարանի մենաշնորհները: Այս դրութեան գործադրութիւնը պատճառ եղաւ, թէ՛ իսլամներուն եւ թէ ոչ իսլամներուն համար քաղաքներու մէջ ձեւաւորուած քաղաքական ուժին տարանջատման: Պատմաբանները պետութեան կեդրոնացումը կը դիտեն որպէս բարեփոխման շրջանի խորհրդանիշը:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ.- Անցեալին Թուրքիոյ հայ հասարակութիւնը իր քաղաքական կամքը յայտնելու համար ի՞նչ միջոցներ ունէր:
ՌԻՉԸՐՏ ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆ.- Կայսրութեան մէջ կատարուած բարեփոխումները կը նպատակադրէին մարդոց կայսրութեան քաղաքականութիւններուն մասնակցութիւնը: Հայկական սահմանադրութեան շնորհիւ հայ ժողովուրդը տիրացաւ իր հոգեւոր առաջնորդները ընտրելու իրաւունքին: Ասոր փոխարէն, եպիսկոպոսներն ալ ժողովուրդը թէ՛ պատրիարքարանի եւ թէ շրջանային վարչութիւններուն կամ խորհրդարանին դիմաց ներկայացնելու իրաւունք ունէր:
Տեսականօրէն այս համակարգը հասարակ հայ գիւղացիի մը հայ եկեղեցւոյ դուռը թակելով իր խնդիրները մինչեւ բարձրագոյն պաշտօնեաներ ներկայացնելու իրաւունքը կը ստեղծէր:
Սահմանադրութիւնը ապահոված էր նաեւ ազգային խորհրդարանի դրութիւնը: Այսպէս, հայ երեսփոխաններէն բաղկացած խորհրդարանը կրնար ժողովուրդի պահանջներուն թարգման հանդիսանալ: Անշուշտ գործադրութիւնը ճիշդ ալ այսպէս չեղաւ: Հայեր յաճախ տեղական հոգեւորականներու դէմ բողոքելու համար ուրիշ միջոցներու դիմեցին: Միւս կողմէ Օսմանեան պետութիւնը պատրիարքարանի եւ Ազգային ժողովի առաջարկներուն դէմ աւելի յաճախ լուռ կը մնար: Այս պայմաններուն մէջ, գաւառի հայութիւնը իր դժգոհութիւնը կը յայտնէր եւրոպական պետութիւններու դեսպաններուն:
ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ.-Հասարակական խնդիրներու մէջ ի՞նչ էր ամիրաներու դերակատարութիւնը:
ՌԻՉԸՐՏ ԵԴՈՒԱՐԴ ԱՆԹԱՌԱՄԵԱՆ.- Նախ եւ առաջ պէտք է յստակացնել ամիրա բառին նշանակութիւնը: Այս կոչումով առաջին հերթին կ՛ակնարկուի պոլսեցի հասարակական գործիչներուն, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ անոնք կայսրութեան տարածքին գոյացուցած ընդարձակ ցանցի միջոցաւ, պատրիարքարանի եւ կառավարութեան դէմ որոշ ուժ մը կը ներկայացնէին: Յակոբ Պարսումեանի անցեալին լոյս տեսած աւարտաճառին համաձայն՝ ամիրաները երկու խմբակէ կը բաղկանային՝ լումայափոխներ եւ ճարտարագէտներ: Այս խմբակներէն յատկապէս լումայափոխները յաջողած էին ամբողջ կայսրութեան տարածքին շատ կարեւոր դիրք մը բռնելու, այսպիսով՝ հայկական հաստատութիւններու եւ հետզհետէ երկրի տնտեսութեան մէջ ազդեցիկ դիրքի մը տիրանալու: Իրենց բաժնած պարտքերուն եւ հարկահաւաքման դրութեան հետեւանքով, մեծ հարստութիւն կուտակեցին եւ այդ հարստութեամբ ալ իրենց հակակշիռին տակ պահեցին պետութեան բազմաթիւ կառոյցները: Այդ գումարները շահագործելով, կրնային շատ մեծ ճնշում բանեցնել պատրիարքարանին վրայ: Այս դրութեամբ պատրիարքները եւ եկեղեցական կառոյցները կը մնային անոնց հսկողութեան տակ: Անոնք այս միջոցներով մայրաքաղաքէն դուրս գտնուող համայնքներուն վրայ ալ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ամրապնդէին: Այս դրութեան շնորհիւ գիւղացիներուն, արհեստաւորներուն եւ կեդրոնական պետութեան ի վնաս՝ քաղաքներու ընտրանին, այսինքն լումայափոխները, վաճառականները եւ հոգեւորականները իրենց հակակշիռին տակ պահելու միջոցներ ձեռք բերին: Սակայն ժամանակի ընթացքին բողոքականութեան, բարեփոխումներու, հարկահաւաքման դրութեան վերացման նման՝ իրարմէ անկախ, բայց նաեւ իրարու զօդուած գործօններու բերմամբ, ժամանակի ընթացքին նահանջեց ամիրաներու իշխանութիւնը: