ԵՐԵՒԱՆ.- Ամերիկեան հեղինակաւոր գործարարական «Ֆորպզ» թերթը ներկայացուցած է աշխարհի տարածքին հետաքրքրական ճաշատեսակներու համար լաւագոյն 9 զբօսաշրջութիւններու առաջարկները:
«Լաւագոյն խոհարարական պտոյտներ»ու ցանկին վրայ է Լոս Անճելըսի Փոքրիկ Հայաստան (Little Armenia) շրջանը:
«Լոս Անճելըսի մէջ անպայմա՛ն պէտք է այցելել ազգային թաղամասեր եւ փորձել անոնց ազգային կերակուրները, որպէսզի առնչուիք քաղաքի խոհարարական մշակոյթի բազմազանութեան: Տարաբնոյթ քաղցրեղէն ու համեղ ազգային ուտեստեղէն կ՛առաջարկեն Փոքրիկ Հայաստան շրջանի հայկական խանութներն ու ճաշարանները», նշած է թերթը՝ ըստ «Սփութնիք Արմէնիա»ի։
Այդ շրջաններու լաւագոյններու շարքին են նաեւ Նիւ Օրլինզի, Թել Աւիւի, Թորոնթոյի եւ Լիզպոնի թաղամասեր: