Կեանքի Արշալոյս՝ Նիւ Եորք, 26 Մարտ 1932
Արեւամուտ՝ Չեցուըրթ, 4 Փետրուար 2017
ՉԵՑՈՒԸՐԹ.- Տոքթ. Հէրի Օգնայեան, շրջապատուած իր ընտանիքի անդամներով, 84 տարեկանին խաղաղօրէն կնքեց իր մահկանացուն:
Տոքթ. Հէրի Օգնայեան հասակ նետեց Տիթրոյիթի մէջ տնտեսական ընկճուածութեան ժամանակաշրջանին. ան հայկական ծագում ունեցող Մարտիկ եւ Ռոզ Օգնայեաններու կրտսեր զաւակն էր (քոյրը՝ Մարգարիտ): Հէրին փոքր տարիքէն կը սիրէր օգնել մարդոց. նկարագրային գիծ մը, որ զինք բնորոշեց իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:
1950ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու նաւատորմին մէջ ան պատուաւոր կերպով ծառայեց մեր երկրին, բան մը, որ իր ծառայութեան աւարտէն ետք երկար տարիներով իրեն մեծապէս հպարտութիւն պատճառեց: 1958ին, ան աւարտեց Իլինոյի Ոտնաբուժութեան (podiatry) քոլեճը, ինչ որ զայն առաջնորդեց ոտնաբուժութեան մասնագիտութեան մէջ երկար, պատկառելի եւ յաջող ասպարէզի մը: Ան յատկապէս ոտքի կատարեալ վիրաբոյժ էր թէ՛ Միշիկընի եւ թէ Քալիֆորնիոյ մէջ, ուր ան նաեւ կամաւոր ծառայութիւններ կատարած է նահանգային հաստատութիւններու եւ ներքին քաղաքներու չքաւոր համայնքներու մէջ:
Հէրին, իր ասպարէզի ամբողջ տեւողութեան, առաջնորդեց եւ հովանաւորեց ոտնաբուժութեան մասնագիտութեան նուիրուած բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնց մեծ մասը տակաւին գործօն կը մնայ՝ շարունակելով Հէրիին թողած աւանդը՝ ունենալ ոտնաբուժութեան հոգածու գործունէութիւն:
Հէրիի տածած սէրը իր գործին հանդէպ առիթ ստեղծեց իր հիւանդներուն հետ դիւրին յարաբերութիւններ մշակելու. ժամանակ տրամադրել՝ ճանչնալու համար զանոնք եւ ծանօթանալու անոնց անձնական կեանքի պատմութեան հետ: Ան յատուկ մասնագիտացուած այցելութիւններ կը կատարէր հիւանդներու անձնական տուները կամ հանգստեան տունը, վստահ ըլլալու համար, որ իւրաքանչիւրը բժշկական պատշաճ հոգատարութիւնը կը ստանայ: Անձնական հոգատարութեան ա՛յս կտակն էր, որ տոքթ. Հէրի Օգնայեանը կ՛առանձնացնէր ուրիշներէ:
Հէրին բարի եւ ազնիւ զաւակ, եղբայր, ամուսին, հայր, մօրեղբայր ու մեծ հայր էր, որ նաեւ կը սիրէր սատարել հայ եկեղեցիին: Նուիրուած ըլլալով իր համայնքին՝ Հէրին իր բնակարանին մէջ սիրայօժար կերպով հովանաւորեց ՀԲԸՄի եւ Էվերէկ-Ֆենեսէ Ուսումնասիրաց միութեան հանգանակութեանց բազմաթիւ ձեռնարկներ: Անոր առատաձեռնութիւնը հասաւ Հայաստանի 1988ի երկրաշարժէն վիրաւորուած մանուկներու, զորս իր տան մէջ հիւրընկալեց՝ Լոս Անճելիսի մէջ բուժման միջոցին: Հէրին կատակաբանութեան սքանչելի ոգի ունէր. անոր ազնիւ ժպիտն ու վարակիչ խնդուքը կը լուսաւորէին իր շրջապատը: Անոր յիշատակը անմա՛ր պիտի մնայ բոլորին սիրտերուն մէջ:
Հէրիի սգակիրներն են՝ այրին՝ Սեդա, զաւակները՝ Սինթիա, Փօլ (Փիթըր), Արամ, Ռաֆֆի եւ կինը՝ Էմըլի, թոռը՝ Էտուըրտ, քրոջ դուստրը՝ Մայքըլին եւ ամուսինը՝ Ճան Թորզեսքի, աներորդիները՝ Պերճ Օգնայեան եւ ընտանիքը, Արթօ Օգնայեան եւ ընտանիքը, նաեւ՝ Տաննա, Ճօ եւ Շերիլ-Անն եւ բոլոր Օգնայեան, Օգնաեան, Անտրիզիսք, Թորզեսքի, Գարագաշեան, Աչուքեան, Քելեան, Գասապեան, Պաթմանեան եւ Մօրուքեան ընտանիքներն ու մօտիկ ընկերները։
Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 11 Փետրուար 2017ի առաւօտեան, ժամը 10:30էն սկսեալ, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ:
Հանգուցեալ տոքթ. Հէրի Օգնայեանի մահուան քառասունքին առիթով, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 19 Մարտ 2017ին, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ, 17231 Sherman Way, յաւարտ Ս. պատարագի։