ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ապու Տապիի մէջ ընթացող «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին ընթացքին 100 միլիոն տոլարի ներդրումներու մասին փոխըմբռնման յուշագիր ստորագրուած է Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) «Ocean Holding» ընկերութեան միջեւ:
«Ocean Holding»ը կը ծրագրէ այս տարի իսկ սկսիլ Հայաստանի մէջ ներդրելու 100 միլիոն տոլար՝ կառուցելու «ֆօթովոլթային» կայաններ եւ գործարկելու զանոնք՝ օգտագործելով ոլորտի լաւագոյն հասանելի արհեստագիտական հնարաւորութիւնները: Նախարարութիւնը յանձնառու եղած է դիւրացնելու «Ocean Holding»ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ: Ներդրումները պիտի իրականացուին քանի մը փուլով:
Հայաստանի ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարի տեղակալ Հայկ Յարութիւնեան պարզաբանելով՝ ըսաւ. «Ներդրումային ծրագիրի սկիզբը կը լինի այս տարի, եւ փուլային սկզբունքով կը կառուցուեն մօտ 100-120 մեգաւատ կայաններ, որոնք կ՛արտադրեն երկրի էլեկտրաէներգիայի պահանջարկի 3-4 տոկոսը: Ունենք պատրաստի ծրագրեր, որոնք վերջին երկու տարուայ ընթացքում մշակուել են ներդրողներին ներկայացնելու համար: Դրանցում մանրակրկիտ ներկայացուած են բոլոր տեխնիկական տուեալները, բոլոր հողակտորները: Այս ընկերութեանը եւս առաջարկը ներկայացուել է, բայց կարող են իրենք ընտրել այլ տարածքներ»:
Նշենք, որ աշխատանքային այցով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող նախագահ Սերժ Սարգսեան մասնակցած է Ապու Տապիի մէջ գումարուող «Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ» ներդրումային համաժողովին: Համաժողովը կազմակերպուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Էմրութեան թագաժառանգ, ԱՄԷ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատարի տեղակալ Շէյխ Մոհամմետ Պին Զայետ Ալ Նահեանի հովանաւորութեամբ:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին եւ Ապու Տապիի առեւտուրի պալատին կազմակերպած համաժողովը նպատակ ունի խթանելու Հայաստանի եւ արաբական երկիրներու տնտեսական կապերու աշխուժացումը, գործարարներու միջեւ շփումները, ներկայացնելու Հայաստանի ներդրումային միջավայրը եւ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխշահաւէտ ներդրումային նախագիծեր:
Համաժողովի շուրջ 300 մասնակիցներու շարքին են պետական պաշտօնեաներ, հիմնադրամներու ղեկավարներ, ազգային ընկերութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու յաջող փորձ ունեցող ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ: