ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Իրաւաբանական կաճառներու միութեան նախագահ Մեթին Ֆէյզիօղլու ուշագրաւ մեկնաբանութիւններ ըրած է Թուրքիոյ սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին ու մասնաւորաբար ըսած է. «Կը հերքեմ հաւանական բոլոր խօսակցութիւնները այն մասին, թէ Իրաւաբանական կաճառներու միութիւնը քաղաքական որեւէ կուսակցութեան մը հետ կապ ունի։ Մենք քաղաքական գործիչներու հետ եւս որեւէ առնչութիւն չունինք։ Բայց մենք կը յայտարարենք, որ այն համակարգը, զոր կը ցանկան Թուրքիոյ մէջ հաստատել, համարժէք է սուլթանակա՛ն համակարգի»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.