ՊՈԼԻՍ.- Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանի կոչին պատասխանած է թրքական կառավարութեան կողմէն փոխպատրիարք նշանակուած Արամ արք. Աթէշեան:
Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» թերթին՝ Արամ արք. Աթէշեան յայտնած է, թէ Էջմիածինի մէջ վեհափառի ներակայութեամբ եղած համաձայնութիւնը խախտած են միւս կողմի հոգեւորականները, սակայն ինք վիճակը չսաստկացնելու համար կրկին չէ դիմած վեհափառին:
Աթէշեան շեշտած է, թէ պատրիարքի աթոռը ոչ մէկուն սեփականութիւնը կամ ժառանգութիւնն է, սակայն ինք՝ իբրեւ փոխպատրիարք, պիտի շարունակէ պաշտօնավարել մինչեւ իրավիճակը հասուննայ հրաժարականի համար:
Աթէշեան նորընտիր տեղապահ Գարեգին արք. Պէքճեանին կոչ-նամակը համարած է քարոզչական քայլ՝ նշելով, թէ անիկա ոչ մէկ օգուտ կու տայ ստեղծուած փակուղային իրավիճակին:
Նշենք, որ Գարեգին արք. Պէքճեան Աթէշեանին կոչ ըրած էր՝ պահելու վեհափառին մօտ տուած խօսքը ու տեղապահի ընտրութենէն ետք հրաժարական տալու կառավարութեան կողմէ նշանակուած ու եկեղեցական կարգին մէջ գոյութիւն չունեցող պաշտօնէն:
Յիշեցնենք, որ Էջմիածինի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ միասին համաձայնութիւն կայացուած էր, որ տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւն, որմէ ետք կառավարութեան կողմէն նշանակուած փոխպատրիարք Արամ արք. Աթէշեան հրաժարական պիտի տար: Սակայն ընտրութեան իբրեւ արդիւնք, յաղթած է Գարեգին արք. Պէքճեան, որմէ ետք Աթէշեան հրաժարական չէ ներկայացուցած: Ան նահանգապետարանէն թուղթ մը ներկայացուցած է, թէ նահանգապետարանը օրինական չի համարեր տեղապահի ընտրութիւնը: Ըստ իրաւաբաններու՝ նահանգապետարանը իրաւունք չունի միջամտելու ներեկեղեցական գործերուն: