ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հինգշաբթի, 23 Մարտի կառավարութեան նիստի ընթացքին, ուժանիւթի նախարարութիւնը Երեւան քաղաքի տարածքին վրայ 250 Մեկաուաթ ուժով ելեկտրակայան կառուցելու ծրագիր ներկայացուցած է:
Այս ծրագրի իրականացման համար կը նախատեսուի 250 միլիոն տոլարի ներդրում իրականացնել: Շինարարութիւնը պիտի տեւէ 26 ամիս, պիտի ստեղծուի 200 աշխատատեղ՝ բարձր աշխատավարձով: