ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան Մարտ 22ին Քոնկրեսին մէջ հանդիպումներ ունեցած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի հանրապետական համանախագահներ Տէյվիտ Վալատաուոյի եւ Տէյվիտ Թրաթի, ինչպէս նաեւ համախմբումի անդամ Տակլըս Լեմպորնի հետ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է քոնկրեսականներուն՝ Հայաստանի վերաբերող հարցերը մշտապէս ուշադրութեան կեդրոն պահելու եւ հայկական շահերը պաշտպանելու նպատակով առնուած քայլերուն համար:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն գծով, քննարկած են տարածաշրջանային շարք մը խնդիրներ, ներառեալ՝ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի կողմէ բազմաթիւ գաղթականներ ընդունելու հարցերը:
Դեսպանը եւ քոնկրեսականները անդրադարձած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս եւ այլ ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու դատապարտման գործընթացին: Իսկ քոնկրեսականները հաւաստիացուցած են, որ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղուած իրենց ջանքերը շարունակական պիտի ըլլան:
Նշենք, որ քոնկրեսականներ Տէյվիտ Թրաթ եւ Էտըմ Շիֆ, համագործակցաբար Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի իրենց միւս գործընկերներուն հետ, Մարտ 22ին ներկայացուցին բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն դասեր քաղելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ապագայ ցեղասպանութիւններու առաջքը առնել։