ՊՈԼԻՍ.- Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան տեղեկացուցած է, թէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի եւ տեղապահի ընտրութիւններուն յաղթած Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքճեանի հանդիպումը դրական արդիւնք չէ տուած:
«Հանդիպումը կայացաւ Արամ Աթէշեանի, Գարեգին Պէքճեանի եւ երկու ոչ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ: Արամ արք. Աթէշեան ըսած է, որ թէեւ Գարեգին Պէքճեան ընտրուած է տեղապահ, ինք իր լիազօրութիւնները չի կրնար փոխանցել: Ան յայտնած է, որ Գարեգին արք. Պէքճեան, որպէս տեղապահ, թող ընէ ա՛յն, ինչ կրնայ: Պարզ է, որ Գարեգին արք. Պէքճեան բոլոր լիազօրութիւնները չի ստանձներ: Եթէ ան գործելու կարողութիւն չունի, հրահանգներ չի կրնար տալ, հետեւաբար չի կրնար պատրիարքի ընտրական գործընթացը նախապատրաստել», ըսած է Բագրատ Էսդուգեան:
Ըստ անոր, Ապրիլ 1ին, Պոլսոյ փոխնահանգապետին հետ հանդիպման ընթացքին նշուած է, որ Ապրիլ 16ին կայանալիք հանրաքուէէն ետք պիտի անդրադառնան պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացին: Թէ ի՞նչ քայլեր պիտի ձեռնարկէ Գարեգին արք. Պէքճեան՝ տակաւին յայտնի չէ:
Բագրատ Էսդուգեան նշած է, որ յառաջիկայ ընելիքներուն մասին դեռ տեղեկութիւն չկայ: Ան փոխանցած է, որ Գարեգին արք. Պէքճեան վերադարձած է Ապրիլ 2ին: Նախատեսուած էր, որ Հրաշափառի արարողութեամբ ան պէտք էր մուտք գործեր Մայր եկեղեցի: Նախորդ օրերուն Արամ սրբազանը բոլոր քահանաներուն լուր տուած էր՝ արգիլելով մասնակցիլ արարողութեան: Նոյնիսկ փորձած են եկեղեցւոյ դռները փակել: «Եկեղեցիի դռները բացուեցան, երբ եկան Գարեգին արք. Պէքճեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան: Նախատեսուած արարողութիւնը չեղաւ, միայն աղօթք հնչեց: Մեր եկեղեցւոյ համար բաւական դժբախտ օրեր կ՛ապրինք, պատմութեան մէջ ամօթով յիշուելու արժանի օրեր կ՛ապրինք», ըսած է Բագրատ Էսդուգեան:
«Այս իրավիճակին մէջ, նախ ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց եկեղեցի, աւելի վերջ ալ Գարեգին արք. Պէքճեան դէպի խորան առաջնորդուեցաւ Սահակ եպս. Մաշալեանի կողմէ: Տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն մը: Սահակ եպս. Մաշալեան՝ որպէս Կրօնական ժողովի ատենապետ, ողջունեց Գարեգին արք. Պէքճեանը՝ զայն անուանելով խաղաղութեան աղաւնի: Իր կարգին, ընտրեալ-տեղապահը շնորհակալութիւն յայտնեց ու միեւնոյն ժամանակ արտայայտեց իր ուրախութիւնը այս աղօթքին համար: Ան ըսաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր պատրիարքական աթոռը թափուր է ու կը սպասուի նոր գահակալի մը ընտրութեան: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ միշտ կը քննարկուէին այս բոլոր հարցերը: «Եկեղեցի կը նշանակէ ժողովուրդ», ըսաւ Գարեգին արք. Պէքճեան եւ աւելցուց, թէ ինքն ալ վերահասու դարձած է ժողովուրդի ընտրութեան փափաքին: Ան ցաւալի համարեց Պոլսոյ պատրիարքական աթոռին թափուր մնալը այսքան ժամանակէ ի վեր: Իր խօսքերով, անհրաժեշտ է պատրիարքական աթոռը նոր գահակալով մը օժտել՝ որպէսզի անիկա կարենայ դիմագրաւել բոլոր պահանջները: Ինքն ալ՝ որպէս նախկին պոլսահայ, անտարբեր չէ մնացած այդ բոլորին նկատմամբ: Նորին սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ կը գտնուինք Մեծ պահոց շրջանին մէջ եւ անոր ոգիին համապատասխան ձեւով պէտք է յառաջ տանիլ ներկայ գործընթացը: Ան բոլորին յորդորեց զերծ մնալ լարուածութենէ, որովհետեւ լարուածութիւնն ու կռիւները չեն կրնար յաղթական արդիւնք մը ապահովել», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:
Արարողութեան աւարտին ներկաները ընտրեալ-տեղապահին Աջը առին եւ ան առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցւոյ խորանը: «Նորին սրբազնութիւնը նախ զրուցեց իր ներկայ համախոհներուն հետ, իսկ աւելի վերջ ներկայ հաւատացեալներն ալ իրեն մօտենալով հնարաւորութիւն ունեցան զրուցելու անոր հետ: Ժամը շուրջ 16։00ին, Գարեգին արք. Պէքճեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան անցան պատրիարքարան՝ իրենց հետն ունենալով մեր ազգայիններէն Թորոս Ալճանը, Յարութիւն Շանլըն եւ իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլը: Պատրիարքարանին մէջ էին Արամ արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու: Նոյնիսկ նկարահանման համար ժողովի սկիզբին կամ վերջաւորութեան չընդունուեցան մամլոյ ներկայացուցիչները: Դռնփակ քննարկումները տեւեցին շուրջ երեք ժամ: Զանազան ձեւաչափերով յառաջ տարուեցան այդ աշխատանքները: Կարգ մը փուլերու մէջ առանձնացան Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Արամ արք. Աթէշեան: Կարգ մը փուլերու մէջ անոնց միացան Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան: Եղան նաեւ յարաբերաբար աւելի բազմանդամ քննարկումներ, վերոյիշեալ անուններուն մասնակցութեամբ, սակայն Արամ արք. Աթէշեան նախընտրեց չմասնակցիլ այդ պահերուն», կը պատմէ «Ժամանակ»ը:
Ըստ թերթին՝ ընդհանուր առմամբ, արդիւնքը այն է, որ «մէկ-երկու օր եւս պէտք է համբերել Գարեգին արք. Պեքճեանի եւ Արամ արք. Աթէշեանի միջեւ գոյացած փոխըմբռնման մթնոլորտի վերջնական հասունացման համար»:
«Ժամանակ»ը իր լրատուութիւնը կ՛եզրափակէ՝ ըսելով. «Պատրիարքարանի խորհրդակցութիւններու աւարտին, Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեան Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ հակիրճ զրոյց մը ունեցան մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ ընտրեալ-տեղապահի խումբ մը համախոհներուն հետ: Գարեգին արք. Պէքճեան այս առթիւ նշեց, որ Պետրոս Շիրինօղլու, ըստ էութեան, փոխանցած է պետութեան սպասումները: Հաշուի առնելով, որ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ մամլոյ միջոցով կոչ ուղղած էր ընտր-եալ-տեղապահի հրաժարականին համար՝ Գարեգին արք. Պէքճեան անդրադարձաւ նաեւ այս հանգամանքին: Մեր հարցումին պատասխանելով՝ ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւրը ազատ է ունենալ իր կարծիքը: Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ ընտրեալ-տեղապահը բացատրեց, որ եթէ ինք մնայ Իսթանպուլի մէջ, ապա պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ իրաւասութիւններ կրնայ ունենալ: Ըստ իր բացատրութիւններուն, Գարեգին արք. Պէքճեանի տեղապահ ընտրուած ըլլալու հանգամանքը վէճի առարկայ չէ, սակայն այս պահուն քննարկումները կը խտանան այն հանգամանքին վրայ, թէ ե՛րբ կրնայ սկսիլ իր հաւանական պաշտօնավարութիւնը՝ հաշուի առնելով պատկան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը: Գարեգին արք. Պէքճեան լրագրողներուն անկեղծօրէն տեղեկացուց, թէ կան նաեւ այլ մանրամասնութիւններ, սակայն անոնց հրապարակումը վաղ կը համարուի: Ուստի, ան տեղեկացուց, որ մէկ-երկու օրուան ընթացքին իր եւ Արամ արք. Աթէշեանին միջեւ պիտի պատրաստուին ու պիտի փոխանակուին գրաւոր տուեալներ, որոնց հիման վրայ կարելի ըլլայ յստակութիւն ապահովել»: