ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ համաձայնութեան գոյացման պարագային, Մոսկուա պատրաստ է, միւս միջնորդներուն հետ համատեղ, հանդէս գալու իբրեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման երաշխաւոր։
Ատրպէյճանական «Պաքինսքի Ռապոճի» թերթին մէջ հրապարակուած Լաւրովի յօդուածին մէջ, նախարարը նաեւ նշած է. «Միջնորդներու ջանքերուն շնորհիւ, շարք մը վիճելի հարցերու վերաբերեալ կողմերուն դիրքորոշումները կարելի եղած է զգալիօրէն մօտեցնել»:
«Հիմնականին մէջ համաձայնեցուած են կարգաւորման հիմնարար սկզբունքները: Սակայն Ատրպէյճան եւ Հայաստան տարբեր ձեւով կը տեսնեն զանոնք կեանքի կոչելու յաջորդականութիւնը», աւելցուցած է Լաւրով, Պաքուին եւ Երեւանին կոչ ընելով՝ «քաղաքական կամք եւ փոխզիջումներու պատրաստակամութիւն դրսեւորելու»:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ «յառաջխաղացքի կարեւոր պայման կը մնայ հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցումը եւ տագնապին ուժային լուծում գտնելու փորձերէն հրաժարիլը»: