ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին գրաւոր հայց մը ներկայացնելով՝ Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձի դատի իրաւական յանձնախումբը յիշեալ դատարանէն պահանջեց հետեւեալը.
ա.- Դեկտեմբեր 7, 2016ին իրեն ներկայացուած Սիսի կաթողիկոսարանի դատական թղթածրարը Թուրքիոյ դատարանին չյղել, նկատի ունենալով Թուրքիայէն ներս պարզուած անորոշ վիճակը, դատական-իրաւական օրէնքներու խախտումները, ապօրէն վերաբերումը դատաւորներու ու փաստաբաններու նկատմամբ եւ ընդհանրապէս տիրող բռնատիրական կացութիւնը: Արդարեւ, մտահոգիչ կացութիւն մը, որուն նկատմամբ, ինչպէս կը յիշեցնէ իրաւական յանձնախումբի հայցը, Եւրոպայի խորհուրդի Մարդկային իրաւանց յանձնաժողովի ներկայացուցիչը անցեալ Փետրուար 15ին, եւ Վենետիկի յանձնաժողովը՝ Մարտ 13ին, իրենց մտավախութիւնը յայտնած էին, բազմաթիւ այլ երկիրներու ու կազմակերպութիւններու շարքին:
բ.- Իրաւական յանձնախումբը նաեւ կ՛առաջարկէ արագացնել Սիսի կաթողիկոսարանի դատավարութիւնը՝ Եւրոպական դատարանի 61րդ յօդուածին համաձայն, նկատի ունենալով Թուրքիոյ կողմէ անոր մերժումը, ինչպէս նաեւ դատին ներկայացուցած կարեւորութիւնը հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին համար:
Յայտնենք, որ իրաւական յանձնախումբը՝ վեհափառ հայրապետին գլխաւորութեամբ, մօտէն կը հետեւի Սիսի դատին առնչուած աշխատանքներուն: