ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Յովհաննէսի ու Ալբերտի ընկերութիւնը արդէն մէկ տարուան պատմութիւն ունի: Հիւանդանոցին մէջ ծանօթացած այս ընկերները սկզիբը ձեռքով ու ոտքով կը զրուցէին: Այսօր արդէն իրար տեսութեան կ՛երթան, կը խօսակցին եւ կը կատակեն:
Երկու երիտասարդները ապրիլեան պատերազմի մասնակիցներ են: Յովհաննէսը նախ ոտքէն վիրաւորուած է, սակայն, չէ իջած դիրքերէն, ապա գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած է, որմէ ետք կորսնցուցած է իր գիտակցութիւնը:
«Բան չեմ յիշում, տառերն եմ սովորում հիմա…», կ՛ըսէ Յովհաննէս: Ապագայի հետ կապուած բոլոր հարցերուն Յովհաննէսը մէկ պատասխան ունի՝ «Լաւանամ, յետոյ»:
Ալբերտն ալ գլուխէն ծանր վիրաւորուած էր՝ քառօրեայ պատերազմէն շաբաթներ անց: Բանակ ծառայելու համար Ռուսիայէն վերադարձած Ալբերտը արդէն սկսած է խօսելու, իսկ յիշողութիւնը դեռ ամբողջովին չէ վերականգնած: