ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ինթըրնեշընըլ Պիզնըս Նիուզ»ի լրագրող Քրիս Ռիոթա համադրած է նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն խոստումները, որոնք անոր պաշտօնավարութեան առաջին 10 շաբաթներուն ընթացքին արդէն իսկ դրժուած են։ Ստորեւ՝ ցանկը.
ա. Թրամփ խոստացած է անմիջապէս ամբողջական արգելք մը հաստատել իսլամ ներգաղթողներուն դէմ, սակայն այդ գծով անոր հրապարակած երկու հրահանգները հակասահմանադրական ըլլալով՝ մերժուած են երկրի ատեաններուն կողմէ։
բ. Ան խոստացած էր, որ Մեքսիքան պիտի վճարէ երկու երկիրներու սահմանին վրայ կառուցուելիք պատին ծախսերը, սակայն ան արդէն իսկ տեղի տուած կը թուի ըլլալ, որովհե-տեւ ամերիկեան ամավարկէն է, որ արդէն 2 միլիառ տոլար յատկացուած է այդ ծրագիրի նախնական բաժինին համար։
գ. Ան խոստացած էր անմիջապէս կասեցնել «Օպամաքեր»ի գործադրութիւնը, սակայն բաւարար քուէներ չէ կրցած ապահովել ու առնուազն ժամանակաւորապէս նահանջած է այդ մէկը իրականացնելու խոստումէն։
դ. Թրամփ Ապրիլ 2016ին խոստացած էր «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ իր գրարումները կասեցնել՝ նախագահ ընտրուելէ ետք, նման արարք մը նախագահի անվայել նկատելով, սակայն, ան աշխուժօրէն կը շարունակէ իր գրարումները մինչեւ այսօր։
ե. Թրամփ խոստացած էր նախագահ ընտրուելէ ետք արձակուրդներ չառնել, շատ չհեռանալ Սպիտակ տունէն եւ կոլֆ չխաղալ, սակայն ան գրեթէ ամէն շաբաթավերջ Ֆլորիտայի իր պանդոկին մէջ կ՛անցընէ իր ժամանակը՝ յաճախ կոլֆ խաղալով եւ ապահովական մեծագումար ծախսեր պատճառելով կառավարութեան։