– Թուրքիոյ մեծամասնութեամբ քրտաբնակ Շըրնաք նահանգին մէջ թրքական ոստիկանութեան կողմէ իրականացուող ականազերծման աշխատանքներուն ընթացքին, Ապրիլ 4ին առնուազն երեք թուրք զինուորներ սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ վիրաւորուած:
– Թուրքիոյ ընկերային սպասարկութիւնները ահազանգած են, որ Թսուրիացի երեխաներ շահագործման զոհ կը դառնան: Թուրքիոյ միջոցաւ Եւրոպա հասնիլ փորձող սուրիացի ընտանիքներու մեծ թիւով երեխաներ իբրեւ ստրուկ կը վաճառուին, որոշ գումարի մը փոխարէն ամուսնութեան կը տրուին, կամ՝ կը շահագործուին մարմնավաճառութեան շուկային մէջ: ՄԱԿի համաձայն՝ Թուրքիա ապաստանած սուրիացի երեխաներուն 40 տոկոսը (մօտաւորապէս 380,000 երեխայ) չի կրնար դպրոց յաճախել։