ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Կիրակի, 9 Ապրիլին, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արցախի մասնաճիւղի 14րդ ընդհանուր ժողովը:
Ժողովին հրաւիրուած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Կամօ Բարսեղեան, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց ՀՕՄուհիներու աւանդն ու աջակցութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Մասնաճիւղի վարչութիւնը ներկայացուց անցած տարուան գործունէութեան հաշուետուութիւնը:
Կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկոյցները լսելէ ու քննարկելէ ետք, նախանշուեցան յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ վարչութեան նոր կազմ՝ Արմինէ Յարութիւնեան, Ռուզաննա Աբրահամեան, Մելանիա Բալայեան, Կարինէ Պետրոսեան եւ Գայիանէ Ղուլիանց: Վարչութեան ատենապետուհի ընտրուեցաւ Ռուզաննա Աբրահամեան