ԵՐԵՒԱՆ.- «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս:
Ըստ «Արցախփրէս»ին՝ «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագիրի մը եւս, որմով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:
«Այս ծրագիրով սկսած ենք զբաղելու Մայիսէն: Ծրագիրով ընդգրկած ենք այն հաշմանդամներուն ընտանիքները, որոնք իսկապէս օգնութեան կարիք ունին: Այդպիսի մարդոցմէ մէկն ալ երկրորդ կարգի հաշմանդամ, 3 երեխաներու հայր Վարուժան Սահակեանն է», նշած է Ա. Գասպարեան:
Վարուժանի կինը՝ Անահիտ Սահակեան, իր հերթին նշած է, որ իր ամուսինը զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է:
«Արդէն 10 տարի է, որ մենք սկսած ենք մեր տան շինարարութիւնը: Սեփական ուժերով հասցուցած ենք կառուցել 5 սենեականոց տան պատերը եւ տանիքը: Հիմնադրամն ալ զայն ամբողջութեամբ վերանորոգեց. այժմ մենք կ՛ապրինք յարմարաւէտ պայմաններու մէջ», ըսած է Ա. Սահակեան:
Վ. Սահակեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ հիմնադրամին՝ իրենց ընտանիքին աջակցելուն համար:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն յղած իր շնորհակալական խօսքին մէջ, Հադրութի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան ըսած է, որ հիմնադրամը, իրօք, կը կատարէ ազգանուէր գործ՝ զարգացնելով ու շէնցնելով երկիր հայրենին: