ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը դատական հայց ներկայացուցած է երկրի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին դէմ:
Կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Ահմետ Եըլտըրըմի կողմէ՝ «պաշտօնական դիրքի չարաշահում»ի մեղադրանքով կ՛ամբաստանուին նշեալ յանձնաժողովի նախագահը՝ Սատի Կիւվենն ու յանձնաժողովի միւս անդամները:
Անգարայի արդարադատութեան շէնքին մօտ լրագրողներուն հետ զրոյցներու ընթացքին, Եըլտըրըմ յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է չեղեալ համարել սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին արդիւնքները, նկատի ունենալով ընտրական օրէնքներու բազմաթիւ խախտումները:
Պատգամաւորը նաեւ ընդգծած է, որ Ապրիլ 16ին կայացած քուէարկութիւններու աւարտէն կարճ ժամանակ անց, յանձնաժողովը հանդէս եկած էր կնիք չունեցող քուէաթերթիկները վաւերացնելու անպատասխանատու եւ վճռորոշ յայտարարութեամբ:
«Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահն ու անդամները բացայայտօրէն անտեսած են իրենց պարտականութիւնները եւ կասկածի տակ առած են հանրաքուէին արդիւնքը: Այս հանրաքուէն հանրութեան կողմէ օրինական պիտի չհամարու»ջ, ըսած է ան: