ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մամլոյ ազատութիւնը երբեք չէ ենթարկուած նմանօրինակ վտանգի՝ ինչպէս այժմ, յատկապէս առկայ նորութիւններուն պատճառով։ Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալը եւ Բրիտանիոյ մէջ «Պրեկզիթ»ը յատկանշական էին զանգուածային լրատուական միջոցներու վրայ լայնածաւալ յարձակումներով եւ լրատուամիջոցներու դէմ ուղղեալ ամբաստանութեամբ, ինչ որ աշխարհը դէմ յանդիման ձգեց ապատեղեկատուութեան ու կեղծիքի նոր դարաշրջանի մը հետ։
Բացի անկէ, լրատուամիջոցներու ազատութեան արգելք կը հանդիսանան նաեւ կարգ մը երկիրներու մէջ յաղթանակած ուժեղ մենատիրական ղեկավարի օրինակները, ինչպէս նաեւ՝ լրտեսելու մոլուցքը եւ աղբիւրներու գաղտնիութեան իրաւունքի խախտումները։ Իբրեւ հետեւանք, ինչպէս կը նշեն իրաւապաշտպաններ, Ամերիկայի ու Բրիտանիոյ դիրքերը նուազած են երկուքական կէտով՝ իջնելով համապատասխանաբար 40 եւ 42րդ տեղերը։
Լրագրողներ առանց սահմաններու միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան վերոնշեալ վերլուծութիւնը քաղուած է կազմակերպութեան տարեկան զեկոյցէն, որուն կողքին հրապարակուած է նաեւ 180 երկիրներու վարկանիշը։
Արդարեւ, Հայաստան կը գրաւէ 79րդ դիրքը, Ատրպէյճան՝ 162րդ, Վրաստան՝ 64րդ, իսկ Ռուսիա՝ 148րդ, Թուրքիա՝ 155րդ եւ Իրան 165րդ։ Լրատու աղբիւրներ կը նշեն, որ Թուրքիա ընդամէնը չորս կէտով հեռու կը մնայ «սեւ ցանկ»էն։ «Սեւ ցանկ»ին վրայ կը գտնուին այն երկիրները, որոնց մէջ մամլոյ ազատութիւնը առաւե՛լ վատ վիճակ կը պարզէ։ Կը նշուի, որ վերջին 12 տարիներուն ընթացքին, Թուրքիոյ մամլոյ ազատութեան վարկանիշը 56 կէտով յետընթաց արձանագրած է։
Թուրքիոյ համար անջատ բաժին մը տրամադրուած է տեղեկագիրին մէջ, ուր Թուրքիան, մամլոյ ազատութեան առումով, կ՛որակուի իբրեւ աշխարհի ամէնէն անվստահելի երկիրներէն մէկը։ Դիտել կը տրուի նաեւ, որ Յուլիս 15ի զինուորական հարուածի փորձէն ետք, առաւել սաստկացած են հետապնդումները ընդդիմադիր մամուլին նկատմամբ։ Արտակարգ դրութեան իրավիճակի պայմաններուն տակ, պատկան մարմինները ամէն ամիս տասնեակ լրատուամիջոցներ կը փակեն, իսկ ընդդիմադիր «ձայներ»ը կ՛ուղղորդեն դէպի աւելի քիչ վաճառուող թերթեր։ Կը խօսուի նաեւ ձերբակալեալ լրագրողներու մասին, որոնց թիւով՝ Թուրքիա առաջինն է աշխարհի վրայ։ Թուրքիան կը բնութագրուի նաեւ իբրեւ «լրագրողներու ամենամեծ բանտ»ը։
Ցանկին վրայ առաջինն է Նորվեկիան, իսկ վերջինը՝ Հիւսիսային Քորէան։
Լրագրողներ առանց սահմաններու միջազգային կազմակերպութիւնը իր ամէնամեայ վարկանիշը կը հրապարակէ 2002 թուականէն ի վեր։ Տեղեկագիրը կը կազմուի՝ նկատի առնելով բազմակարծութեան մակարդակը, անկախ լրատուամիջոցներու թիւը, օրէնսդրական սահմանափակումները, թափանցիկութիւնը, գրաքննութիւնը եւ ինքնագրաքննութիւնը։