ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Թերեւս ալ աշխարհագրական դիրքին բերմամբ, Հայաստանի պատմութիւնը գաղթերու պատմութիւն է նաեւ: Նոյնիսկ ազգի կազմութիւնը կը բացատրուի տեղացի հայերու եւ գաղթի երկար ճանապարհ մը անցնելով Հայաստան հասած արմէններու իրարու մէջ ձուլուելով:
Աւելի քան երեք հազար տարիներու երկարող հայոց պատմութեան մէջ շատ կարճ տեւած է աշխարհակալ պետութիւն մը կազմելու շրջանը, որուն երազը մինչեւ օրս կը պահէ իր հրապոյրը՝ «Ծովից ծով Հայաստան» բնաբանով: Մեր թագաւորութիւնները ձեւաւորուեցան սահմանումով որոշ իշխանատոհմերու, որոնք շատ անգամ զուրկ ըլլալով հզօր պետականութենէ, զիջեցան իրենց իշխանութիւնը հռոմէացիներու, բիւզանդացիներու, պարսիկներու, սելճուքեան թուրքերու կամ օսմանցիներու դիմաց: Հայ թագաւորներու իշխանութիւնը կապուած էր տուեալ կայսրութիւններու յաւակնութեան: Իրենց իշխանութիւնը խորհրդանշող թագը կ՛ուղարկուէր հեռաւոր մայրաքաղաքներէ: Պատմութեան այս մասը ծանօթ է մեզ՝ հայերուս:
Գիտենք, թէ հայոց պատմութիւնը գաղթերու պատմութիւն մըն է նաեւ: Իւրաքանչիւր քաղաքի պատմութիւն մեզ կը յուշէ զանգուածային գաղթ մը: Սենեքերիմ թագաւոր իր 14 հազար զինուորներով ու անոնց ընտանիքներով Վասպուրականէն եկաւ Սեբաստիա, ուր հիմնեց Արաբկիր եւ Ակն քաղաքները: Կամ Համամ Ամատունի իր 12 հազար զինուորներով ու անոնց ընտանիքներով եկաւ բնակելու Համամաշէն, որուն շառաւիղները մինչեւ օրս կը գոյատեւեն նոյն տարածքին վրայ: Ի վերջոյ մեր ամենադաժան գաղթը կայացաւ 1915ին, ուր բովանդակ ժողովուրդը արմատախիլ եղաւ իր հարազատ հայրենիքէն ու տարագրուեցաւ դէպի Տէր Զօրի անապատը:
Մեզի ծանօթ այս պատմութիւնը սակայն ունի տարբեր երեսակներ եւս: Հայաստանի հետ միասին միջագետքը, Փոքր Ասիան, պոնտեցուց երկիրը, հարաւային ու հիւսիսային Կովկասը, Պալքանեան թերակղզին եւս եղած են զանգուածային գաղթերու խաչմերուկներ: Իւրաքանչիւր գաղթի հոսանք իր հետ բերած է նաեւ զանգուածային ողբերգութիւններ:
Այս օրերուս կը յիշատակուի հիւսիսային կովկասի ժողովուրդներուն՝ չերքեզներուն զանգուածային գաղթի 153ամեակը: Չերքեզներ ռուսական կայսրութեան դէմ ինքնավարութեան յամառ պայքար մղելէ ետք, օսմանեան իշխանութեան միջնորդութեամբ համաձայնեցան իրենց հայրենիքը լքելով «խալիֆայի երկիր»ը ապաստանիլ: Կատարեալ յուսախաբութիւն մը եղաւ այդ որոշումը, քանի որ բիւրաւոր չերքեզներ չյաջողեցան այդ խոստումը վայելել: Անոնք Սեւ Ծովու ալիքներուն դիմաց խորտակուող խարխուլ նաւերու զոհը դարձան, յաւիտեանս ննջելով ծովուն յատակը: Իսկ ցամաք հասնողները դիմաւորեց աներեւակայելի անտէրութիւն մը, սով ու վարակ: Քանի մը տասնամեակ անց վրայ հասաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ուր կառավարութիւնը զինեալ խմբակներ կազմեց չերքեզներէ ու անոնք երկրի այլ իսլամ ժողովուրդներու կողքին մղեց հայերը եւ այլ քրիստոնեաները կոտորելու «սրբազան» գործին:
Նոյնքան ողբերգական է Պալքանեան թերակղզին լքելով Թուրքիա գաղթած թուրքերու, պոսնիացիներու, փոմաքներու պատմութիւնը: Բոլոր այս ժողովուրդները, ներառեալ լեզկիներ, իսլամացած վրացիներ եւ ուրիշներ, յաջորդող տասնամեակներուն ընթացքին կորսնցուցին իրենց ազգային բոլոր յատկութիւնները: Հանրապետական Թուրքիան յաջողեցաւ զիրենք ձուլել հսկայ խառնարանի մը մէջ, բոլորին պարգեւելով թուրք կոչուելու շնորհը:
Միակ ընդդիմացողը եղաւ քրտական ազատագրական շարժումը, որ մայրենի լեզուի, ազգային ճանաչման համար իր մղած պայքարով՝ սկսած է ներշնչել նաեւ այլ ժողովուրդները, եթէ ոչ մեծամասնութեամբ, բայց գոնէ մտաւորական խաւի մը միջոցաւ:
Թուրքիոյ իսկական ժողովրդավարութեան մը հասնիլը միայն ազգային փոքրամասնութիւններու ճանաչումով կարելի պիտի ըլլայ: